
Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտէն ետք, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ, հանդիպում ունեցաւ երկրին ֆետերասիոնին նախագահին Ռայնհարտ Կրինտելի հետ եւ քննեց իր ապագայի հարցը:
Կողմերը որոշում տուին, որ մարզիչը պէտք է շարունակէ իր աշխատանքը` մինչեւ գործող պայմանագրութեան աւարտը: Լոյեւի ստորագրած համաձայնագիրը կ՛աւարտի 2018-ին:
Նշենք, որ Լոյեւ Գերմանիոյ մարզիչ նշանակուած է 2006-ին:


