
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Թուր տը Ֆրանսի 11-րդ հանգրուանին, երէկ, երեք հեծելանւորդներ նոյն արդիւնքը արձանագրելով (3 ժամ 26′ 23″), գրաւեցին առաջին երեք դիրքերը: Առաջին դիրքը գրաւողը եղաւ Փիթըր Սական (Սլովաքիա), որ մաս կը կազմէ Թինքոֆ խումբին:
Աշխարհի ախոյեան 26 տարեկան Սական, որ այսպիսով յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով առաջին դիրքը գրաւեց, իր երէկուան այս յաղթանակը արձանագրեց` Քարքասոնէն Մոնփելիէ (162,5 քմ):
Վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ, այժմ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի անգլիացի Քրիս Ֆրում (Թիմ Սքայ), որ արձանագրած է 52 ժամ 34′ 37″ արդիւնք մը:
Երկրորդ դիրքին վրայ է անոր ազգակից Ատամ Եաթես (Օրիքա Կրինետճ)` 28″ ուշացումով:
Այսօր տեղի կ՛ունենայ 12-րդ հանգրուանի մրցումը, Մոնփելիէէն Մոն Վենթու (178,0 քմ):
Մինչ Ֆրում դեղին շապիկը կը պահէ իր մօտ, անդին, նոյնինքն Սական, կէտերու ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը (309): Անոր անմիջական մրցակիցը` Մարք Քաւենտիշ (Տիմենշըն Տաթա), անկէ բաւական ետ է (219 կէտ):
Ինչ կը վերաբերի խումբերու դասաւորման, «Պի. Էմ. Սի. Ռասինկ», կը գրաւէ առաջին դիրքը` 157 ժամ 33′ 00″ արդիւնքով:
6′ 34″ ուշացումով, երկրորդ դիրքին վրայ է Մովիսթար:


