
«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նապի Աւճը հանդիպում ունեցած է Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան հարցերու նախարար Միխայիլ Կիորկածէի հետ, որ Թուրքիա կը գտնուի մասնակցելու Պոլսոյ մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի 40-րդ նիստին:
Ըստ թրքական «Հապերտեթայլարի» կայքին, Աւճը վրացական պատկերասփիւռին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ հանդիպումի ծիրին մէջ գոյացած են համաձայնութիւններ երկու երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող պատմական յուշարձաններու եւ ընդհանուր մշակութային խորհրդանիշերու միացեալ պահպանման քայլերուն շուրջ: Թուրք նախարարը նշած է, որ կողմերը որոշած եւ համաձայնած են համակարգել նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի նիստին Թուրքիոյ եւ Վրաստանի վերաբերեալ որդեգրուելիք որոշումները` նշեալ միջազգային հարթակին վրայ համագործակցութիւնը խորացնելով:
Աւճը նշած է, որ մօտ օրէն կը պատրաստուի այցելել Վրաստան, ուր տեղի ունենալիք բանակցութիւններէն ետք պիտի ստորագրուի երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան համապարփակ պայմանագիր:


