Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի ճակատումները կը սկսին այսօր:
Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Առաջին մրցումը, որուն ընթացքին պիտի ճակատին Անուարը եւ Պըրժ Այնթուրան, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին:
Իսկ երկրորդ մրցումին, ժամը 20:30-ին, իրարու դէմ յանդիման պիտի գան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը եւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլը:
Նախորդ հանգրուանին նման, այս մրցումները եւս տեղի պիտի ունենան «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 15 յուլիսին, ժամը 20:30-ին, իսկ երրորդը` շաբաթ, 16 յուլիսին, ժամը 17:30-ին:
Աւարտականի հանգրուանը կը սկսի երկուշաբթի, 18 յուլիսին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի այսօր ուղղուիլ Տեմիրճեան կեդրոն եւ քաջալերել իրենց կազմը:


