
Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Ապու Նասսար շեշտեց, որ Լիբանան շահագրգռուած է Ռուսիայէն զէնք ներածելով` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու:
«Այս առումով Լիբանան Ռուսիայէն պահանջած է «Քորնեթ» տիպի հրթիռներ եւ «Թի.-72» մակնիշի հրասայլեր», ըսաւ Ապու Նասսար:
Ան դիտել տուաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով շատ կարեւոր է, որ լիբանանեան բանակը զինուի նման զէնքերով:
Ապու Նասսար ընդգծեց, որ լիբանանեան կողմը ռուս պատասխանատուներուն հետ տակաւին խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ` այդ զինամթերքն ու սարքերը ապահովելու նպատակով:


