
Վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ Ֆիթրի տօնին առիթով ուղղուած էր Մաքքէ` ուխտագնացութեան, Մաքքէի թագաւորական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ անոր ընտանեկան անդամներուն հետ, ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Սալամ զօրակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ, խստիւ դատապարտելով անոր սրբավայրերը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները:
«Լիբանան կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնէ Ժետտայի` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով», ըսաւ վարչապետ Սալամ, հաստատելով, որ անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակները, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ իսլամականներ, ոչ մէկ կապ կրնան ունենալ իսլամականութեան հետ:
Վարչապետ Սալամ նշեց, որ ինք համոզուած է, որ Սէուտական Արաբիա յաղթական դուրս պիտի գայ ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պայքարէն, մնալով չափաւորականութեան խորհրդանիշը եւ կրելով արաբական եւ իսլամական համախոհութեան ջահը:


