Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիան. «Կը Վստահինք Բանակին Եւ Կը Մերժենք Ինքնուրոյն Ապահովութեան Սկզբունքը»

July 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միւֆթի Տըրիան քարոզի պահուն
Միւֆթի Տըրիան քարոզի պահուն

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ֆիթրի տօնին առիթով Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ ան կոչ ուղղեց բարեգործութեան, գնահատելով իսլամականներուն կատարած ծոմապահութիւնը: Ան շեշտեց բարիին ձգտելու, խաղաղութիւն պահանջելու եւ բռնարարքներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը, հաստատելով, որ Լիբանան պէտք է ինքզինք զանց կացուցէ շրջանային տագնապներէն:

Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ Լիբանանի պետական կառոյցները եւ տնտեսութիւնը մտահոգութիւն կը պատճառեն, աւելցնելով սակայն, որ ըստ երեւոյթին չմտահոգուողները երեսփոխաններն են ու պետական այրերը, որոնք պէտք է անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարեն եւ աշխատին ի խնդիր Լիբանանի պետութեան ամրապնդումին:

«Լիբանան ազգային համերաշխութեան երկիրն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ` պահպանելով իր բազմազանութիւնը, չափաւորականութիւնը, երկխօսութիւնն ու ուրիշը ընդունելու բաց քաղաքականութիւնը», ըսաւ ան:

Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Լիբանանին դիմագրաւած այս ծանր պայմաններուն ընթացքին պէտք է երկխօսութիւնը շարունակել եւ իմաստուն կեցուածքներ որդեգրել` լուծելու համար Լիբանանի ազգային տագնապը:

«Մեզի համար պէտք է յստակ դառնայ, որ ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքական փոխըմբռնումը կ՛ամրապնդեն երկրին ապահովութիւնը եւ կը մղեն պետութիւնը` պայքարելու վտանգներուն եւ սպառնալիքներուն դէմ», շեշտեց Տըրիան:

Ան ընդգծեց, որ իրենք կը վստահին լիբանանեան բանակին եւ կը մերժեն ինքնուրոյն ապահովութեան սկզբունքը:

Միւֆթի Տըրիան խստիւ դատապարտեց ահաբեկչութիւնը, կոչ ուղղելով բոլոր արաբներուն եւ իսլամականներուն համախոհութիւն գոյացնելու` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Կը Մերժենք Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Եւ Պաղեստինցի Գաղթականներուն Բնակեցումը»

Յաջորդը

Մաքքէի Մէջ. Վարչապետ Սալամ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Սէուտական Արաբիոյ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.