Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՅՈՅՍԻ ՈՒ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿԸ` ՑՈՒԵԹԱՆԱ ՓԱՍՔԱԼԵՒԱՆ

September 22, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Արցախահայութեան պայքարի ճշմարտացի եւ ամբողջական լուսաբանման, իր քաջութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանին անմնացորդ նուիրուածութեան համար պուլկարացի լրագրող Ցուեթանա Փասքալեւային շնորհուեր է Մովսէս Խորենացիի անուան մետալ, ինչպէս նաեւ` Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան «Կարպիս Փափազեան» մրցանակը եւ Արցախի գրողներու միութեան «Եղիշէ» մրցանակը:

Ան պարգեւատրուեր է Հայաստանի Հանրապետութեան «Արիութեան համար» մետալով, իսկ 1995-ին անուանի լրագրողը ստացեր է Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի գնդապետի կոչում:

Պուլկարական, ռուսական, գերմանական, ֆրանսական պատկերասփիւռի ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ «Ռոյթըրզ» գործակալութեան համար պարբերաբար տեղեկատուական հաղորդումներ պատրաստած լրագրողը եօթը վաւերագրական ժապաւէններ նուիրած է արցախեան ազատագրական պայքարին:

1993-1994 այդ ժապաւէնները հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով Ցուեթանան ցուցադրած է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի խորհրդարաններուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ, միաժամանակ հանդէս գալով համապատասխան ելոյթներով: Հաւանաբար ճակատագիրի նմանութիւնն էր պատճառը, որ պուլկարացի աղջիկը խորապէս սիրեց Հայաստանը` միանալով ազատագրական պայքարի մարտիկներուն:

«Գերդաստանիս պատմութիւնը խորը ազդեցութիւն ունեցած է աշխարհահայեացքիս ձեւաւորման վրայ: Մեծ մայրս, որ ապրեցաւ 95 տարի, յաճախ ինծի կը պատմէր իր կեանքի «հեքիաթը»: Անոր ընտանիքն ալ հայերու նման տեղահան եղած է իր հայրենիքէն: Ծնած ըլլալով գաղթի ճանապարհին` ան անցած է շատ մը փորձութիւններէ, կրած է զրկանքներ, սով ու տառապանք: Երբ Ղարաբաղի մէջ ականատես եղայ Շահումեանի շրջանի բնակչութեան բռնի տեղահանութեան, թուաց, թէ մեծ մօրս պատմածին ականատեսն եմ», կ՛ըսէ Ցուեթանան:

Հարցումին, թէ ի՞նչ ազդակներ նպաստած են իր ազատատենչ ոգիի կերտմանը, Ցուեթանան կը պատասխանէ. «Եօթը տարեկան էի, երբ մեր քաղաքի բեմերուն վրայ հայրենաշունչ բանաստեղծութիւններ կ՛ասմունքէի: Իմ սիրած գրողը Պուլկարիոյ ազգային հերոս Խրիսթօ Պոթեւն էր, որ զոհուած է ռուս-թուրքական պատերազմի ժամանակ: Իմ ձայնով ու կեցուածքով ես կրնայի յուզել հանդիսատեսը: Իմ ապագան կապուած էր բեմին հետ: Երբ եկաւ մասնագիտութիւն ընտրելու ժամանակը, որոշեցի դառնալ բեմադրիչ:

«Աւարտելով Մոսկուայի թատերական համալսարանը` չորս տարի աշխատեցայ Պուլկարիոյ յայտնի թատրոններէն մէկուն մէջ, բայց շուտով հասկցայ, որ թատրոնը իմ կոչումս չէ:

«Հեղինակաւոր մարդիկ ինծի խորհուրդ տուին ընտրել նոր մասնագիտութիւն, որ մօտ ըլլայ իմ ոլորտին:

«Մէկ տարի աշխատելով Պուլկարիոյ Ազգային հեռատեսիլի կայանին մէջ` շարունակեցի ուսումս կատարելագործել Մոսկուայի շարժապատկերի պետական համալսարանին մէջ»:

Խօսելով իր կեանքի ուղենիշներու ընտրութեան մէջ իր ծնողքին ունեցած դերին մասին` Ցուեթանան կը պատմէ. «Շատ մտերիմ էի հօրս հետ, որմէ ժառանգած եմ նպատակասլացութիւնս ու յեղափոխականութիւնս: Հայրս շատ կը ցանկար, որ ես ըլլամ ինքնուրոյն: Տարիներ անց ան կը հպարտանար, որ ես ինքնուրոյն եմ եւ ուժեղ:

«Երբ կը վերադառնայի Ղարաբաղէն, միշտ կը նշմարէի հօրս անթաքոյց հպարտութիւնը: 1998-ին, ղարաբաղեան շարժման 10-րդ տարեդարձին առիթով, Յունաստանի մէջ տարբեր երկիրներու դիւանագէտներուն պէտք էր ներկայացնէի ազատագրական պայքարի փառապանծ պատմութիւնը: Այդ օրը ստացայ հօրս մահուան լուրը: Կա՛մ պէտք է ներկայացնէի ժապաւէնները, կա՛մ վերադառնայի տուն: Ընտրեցի առաջինը` համոզուած ըլլալով, որ հայրս նոյնը պիտի ուզէր: Ձեռնարկի աւարտին, երբ ներկաներուն յայտնեցի ընտրութեանս մասին, սրահը երկար ժամանակ ծափահարեց»:

Ցուեթանա Փասքալեւան առաջին արտասահմանցի լրագրողն է, որ 1990-ի վրաց-օսական հակամարտութեան ժամանակ եղած է Հարաւային Օսեթիոյ մէջ` նկարահանելով տասը հաղորդում եւ «Երկու ժողովուրդներու ցաւը» վաւերագրական ժապաւէնը:

«Երբ 1991-ի մայիսին տեղեկացայ Ղարաբաղի պատերազմին մասին, արդէն ռազմադաշտի մէջ աշխատելու փորձ ունէի, – կ՛ըսէ Ցուեթանան, ապա կը շարունակէ: – 1991-ի մայիսին Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի մէջ սկսաւ խաղաղ բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը: Ես այդ ժամանակ Մոսկուայէն մեկնեցայ Ստեփանակերտ: Բարդ ու վտանգաւոր շրջան մըն էր: Խորհրդային յատուկ ջոկատը զիս ձերբակալեց: Երկու օր մնացի Խոջալուի օդակայանը: Այդ ընթացքին անոնք կը ստուգէին իմ փաստաթուղթերս` ենթադրելով, թէ ես պուլկարահայ եմ: Սարսափելի օրեր էին: Կը լսէի տանջանքի ենթարկուող ձերբակալուածներուն ձայները: Հասկցայ, որ դաժանաբար խոշտանգուող հայ մարդոց իմ օգնութիւնս անհրաժեշտ է:

«Փաստելով պուլկարացի ըլլալս` ինծի թոյլատրուեցաւ նկարահանումներ կատարել: Շուշիի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազը կրցայ համոզել` գտնելու բանտարկուած լրագրող մը, որուն հանդիպեցայ Գանձակի բանտին մէջ: Այնտեղ նկարահանեցի քառորդ ժամ տեւողութեամբ հաղորդում` ոչ միայն այդ լրագրողի հարազատներուն, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան ներկայացնելու համար: Բազմաթիւ բանակցութիւններէ ետք լրագրողը ազատ ձգեցին: Այդ իմ առաջին յաղթանակս էր»:

«Օղակ» գործողութեան ժամանակ Շահումեանի շրջանի մէջ նկարահանած ըլլալով հայ բնակչութեան դէմ կատարուող բռնարարքներն ու տեղահանութիւնը` Ցուեթանա Փասքալեւան կը յիշէ. «Երբ մարդիկը տեղահանեցին իրենց բնակավայրէն, միայն ես մնացի զինուորներուն կողքին: Այժմ ալ սարսափով կը յիշեմ այդ օրերը…»:

Արցախեան հերոսամարտը լուսաբանելուն եւ միջազգային հանրութեան ներկայացնելուն պատճառով ազրպէյճանցիները Ցուեթանա Փասքալեւային քանիցս հեռակայ կարգով դատապարտած են մահապատիժի: «Դժուարագոյն պահերուն ես զգացած եմ Աստուծոյ ներկայութիւնը,- կ՛ըսէ Ցուեթանան, ապա կը շարունակէ:- Երբ եկայ Ղարաբաղ, մկրտուած չէի: 1993-ին, ռմբակոծութիւններու ներքոյ, Գանձասարի մէջ Պարգեւ սրբազանը զիս մկրտեց: Կնքահայրս եղաւ Զօրի Բալայեանը: Երբեմն ունեցած եմ յուսալքութեան պահեր, բայց միշտ փորձած եմ չկորսնցնել մարդկային նկարագիրս:

Երբ ճակատի վրայ կռուող տղոց կողքին էի, անոնք աւելի ինքնավստահ կը կռուէին: Ես ալ քանի մը անգամ վիրաւորուած եմ, բայց երբ կրցած եմ ոտքի ելլել, դարձեալ տեսախցիկով փութացած եմ ճակատ: Անհնար էր անտարբեր մնալ վիրաւոր մանուկի, որդեկորոյս ծնողներու կամ հաշմանդամ ազատամարտիկի հանդէպ: Անոնք կը հաւատային, որ յաղթանակի կարելի է հասնիլ նաեւ իմ վաւերագրական հաղորդումներուս միջոցով: «Զիս քաջալերած են նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի օրհնութիւնն ու մարգարէական խօսքերը. «Դուք մեր հայրենիքն էք եկել յատուկ առաքելութեամբ: Դուք այստեղից երբեք չէք հեռանայ»:

1994-ին, երբ մարտերը դադրած էին, Ցուեթանա Փասքալեւան մեծ ճանաչում ունենալով, հրաւէրներ ստացած է աշխարհի տարբեր հեղինակաւոր պատկերասփիւռի ընկերութիւններէն, սակայն որոշած է հաստատուիլ Հայաստան եւ տեսնել Արցախի իրական անկախութիւնը:

«Այստեղ հիմնած եմ քանի մը հեռուստահաղորդումներ, սակայն չկարծէք, թէ իմ առջեւս միշտ կանաչ լոյս եղած է: Քանիցս փակուած են իմ հեղինակային հաղորդումներս, բայց զիս միշտ ոգեւորած է ժողովուրդը` զիս պաշտպանող ցուցապաստառներով հաւաքուելով նախագահական պալատին առջեւ:

«Անցեալ տարի դեկտեմբերին նախագահ Սերժ Սարգսեանը պաշտօնական այցով հրաւիրուած էր Պուլկարիա: Պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուելու հրաւէրը ինծի համար անակնկալ մըն էր: Պուլկարիոյ մէջ նախագահը բարձր գնահատեց իմ աշխատանքս` շնորհակալական խօսքեր յղելով պուլկար ժողովուրդին: Ճիշդ այդ ժամանակ խօսեցանք իմ` մասնագիտական դաշտ վերադառնալու եւ նոր հաղորդման անհրաժեշտութեան մասին: Այդպէս ծնաւ «Ճառագայթ» հաղորդումը:

«Այժմ ես գիրք մը կը գրեմ իմ բոլոր ընկերներուս եւ հերոսներուն մասին… վերջին ութ տարիներուն կը բնակիմ Հայաստան: Այդ շրջանին ծնաւ զաւակս` Դաւիթը, որ արդէն եօթը տարեկան է, երկրորդ դասարան:

«1991-ի դեկտեմբեր 10-ին Շահումեանի մարտերուն ժամանակ զոհուեցաւ 26-ամեայ Դաւիթ Սառապեանը: Զաւակս անոր անունը կը կրէ: Ան ինքզինք կը համարէ Սասունցի Դաւիթ», կը պատմէ Ց. Փասքալեւան:

Ցուեթանա Փասքալեւան երջանիկ է… Սեպտեմբեր 21-ի տօնակատարութիւնը անոր համար ոչ միայն յաղթանակ է, այլ իր կենսագրութեան լաւագոյն տարիներու վերաքաղը` լեցուած յոյսով ու լաւատեսութեամբ:

Նախորդը

ԳԱՂՈՒԹԷ – ԳԱՂՈՒԹ

Յաջորդը

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՅԼԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆԿԷ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ՇՓՈԹԸ*

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.