
Ամբողջ շրջանը, որուն մէջ նաեւ Լիբանանը հարուածած ահաբեկչութան եւ վայրագութիւններուն շրջագիծին մէջ, շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ Ֆիթրի տօնին պիտի զուգադիպին պայթումներ, անձնասպանական գործողութիւններ եւ այլն: Մէկ խօսքով` ահաբեկչական արարքներ, որոնք կը միտին երկրին անդորրը խանգարել եւ լիբանանցիները ահուդողի մատնել:
Սակայն կեանքը սիրող եւ ահաբեկչութենէն չսարսափող լիբանանցին շարունակեց իր առօրեան եւ անցնող շաբաթավերջը սովորական ծրագիրներով անցընելէ ետք, ան` թէեւ զգուշաւոր, սակայն անցած է ճշդելու Ֆիթրի տօնին յատուկ իր ծրագիրները:
Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ այդ ուժերը կազմ ու պատրաստ կը հսկեն լիբանանցիներուն ապահովութեան, յատկապէս Ֆիթրի տօնին զուգադիպող օրերուն:
Իր կարգին լիբանանեան բանակը խստացուց լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ շրջուն ջոկատներու իր հսկողութիւնը, ինչպէս նաեւ մզկիթներու մօտակայքը որդեգրեց ապահովական խիստ միջոցառումներ:
Հարկ է աւելցնել, որ բանակի անկարգելաւորներու ջոկատը երէկ Քաայի մէջ կատարեց խուզարկումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալեց 35 յանցագործներ եւ գրաւեց մեծ թիւով մոթորսիքլեթներ:
Ապահովական առումով Հըզպալլա երէկ երեկոյեան Արսալի Ուատի Խէյլ շրջանին մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի դիրք մը ռմբակոծումի թիրախ դարձուց, սպաննելով եւ վիրաւորելով այդ դիրքին վրայ գտնուող հաւատադրժողական ահաբեկիչները: Նշենք նաեւ, որ Արսալի եւ Ռաս Պաալլպէքի բարձունքներուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին արձանագրուեցան բուռն զինեալ բախումներ, որոնք ընդարձակուեցան մինչեւ Քալամուն:


