
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ յայտնեց, որ Ֆիթրի տօնին առիթով ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի, նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող անապահով կացութիւնը:
Վարչապետ Սալամ Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս իսլամները, մաղթելով, որ կարելի ըլլայ երկրին դիմագրաւած այս դժուար կացութիւնը անցընել` պահպանելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
«Այս առիթով մենք կը խոնարհինք մեր նահատակներուն յիշատակին դիմաց, նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց կեանքը զոհեցին Լիբանանի ապահովութեան եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան համար: Մենք կը խոնարհինք նաեւ ահաբեկչութիւններուն պատճառով զոհուած քաղաքացիներու յիշատակին դիմաց», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ տարիներէ ի վեր Լիբանանի դիմագրաւած դժուար կացութիւնը բոլոր լիբանանցիները կը մղէ նեցուկ կանգնելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` վստահելով Լիբանանին սպառնացող որեւէ փորձանքի դիմադրելու անոնց զօրութեան:
«Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պիտի ըլլայ երկարատեւ, սակայն յաղթելու համար պէտք չէ անձնատուր ըլլալ», հաստատեց ան, վերստին կոչ ուղղելով նախագահական ընտրութեան:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Իքլիմ Խարրուպի բարգաւաճման վերաբերող հարցեր:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխան Նասեր Նասրալլա:


