Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակին Գաղտնի Սպասարկութիւնը Կը Բացայայտէ Իր Իրագործումները` Ձերբակալելով Նոր Մեղսակիցներ, Իսկ Հըզպալլա Կը Ռմբակոծէ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

July 1, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

zenk_zinamterk_63016

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը կրցած է ձախողեցնել ահաբեկչական երկու գործողութիւններ, որոնք շատ վտանգաւոր էին:

Ահաբեկչական այս գործողութիւնները պիտի գործադրուէին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ` թիրախ դարձնելով զբօսաշրջական վայր մը, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ բնակիչներ ունեցող շրջան մը:

Բանակին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ձերբակալուած են հինգ ահաբեկիչներ, որոնցմէ մէկը ահաբեկչական գործողութիւնները ծրագրող պատասխանատուն է:

Ձերբակալեալները խոստովանած են, որ իրենք նախապէս ահաբեկչութիւններ գործած են բանակին դէմ:

Նշենք, որ երէկ բանակային ջոկատ մը խուզարկութիւններ կատարեց Արսալի Ուատի Աթա շրջանին մէջ, ուր ան կրցաւ գրաւել զէնք եւ զինամթերք, ականուած գօտիներ, ինչպէս նաեւ պայթուցիկ նիւթեր:

Բանակը Արսալի իր անցարգելներէն մէկուն վրայ ձերբակալեց լիբանանցի մը, որուն մօտ գտնուեցան 5 ձեռնառումբեր եւ երկու հեռադիտակներ:

Միւս կողմէ, Հըզպալլա պաշտօնապէս ջնջեց վաղը երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հարաւային արուարձաններուն մէջ կազմակերպած Երուսաղէմի միջազգային օրուան նուիրուած փառատօնը` հաստատելով, որ  այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ճառ պիտի արտասանէ երեկոյեան ժամը 5:30-ին:

Պէտք է աւելցնել, որ Հըզպալլա երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք բուռն կերպով ռմբակոծեց Արսալի, Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:

Յոյն կաթողիկէ համայնքի Պաալպեքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոս շեշտեց, որ Քաայի բնակիչները իրենց հողերը լքելու եւ արտագաղթելու մասին չեն մտածեր` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին բանակին` պաշտպանելու համար երկրին սահմանները եւ կարգաւորելու համար սուրիացի գաղթականներուն շարժումները:

Նախորդը

Պասիլ Դանիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Փարիզ Պատրաստ Է Հարթակ Պատրաստելու Արցախի Բանակցութեանց Համար

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.