Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովական Ցնցումներու Մասին Զգուշացումները Դարձան Տիրական, Իսկ Մուքպել Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրավիճակը

June 30, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

kahwaji_mokbel_62916

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը, յատկապէս Քաայի իրավիճակը եւ որդեգրուած ապահովական արտակարգ միջոցառումները, թէ՛ գիւղաքաղաքին մէջ եւ թէ՛ Արսալի ու Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է դիմադրելու ահաբեկչութեան եւ ձախողեցնելու ահաբեկիչներուն կողմէ դէպի Լիբանան կատարուելիք որեւէ ներթափանցում:

Քննարկուեցան նաեւ բանակին կարիքները:

Մուքպել դրուատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնն ու զոհողութիւնները, որոնք ի գործ կը դրուին ի խնդիր Լիբանանի պաշտպանութեան:

Երկրին ապահովութեան վերաբերեալ անդրադարձ մը ունենալով` Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան, որ լիբանանեան բանակը անմիջապէս գործուղուի Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներ, այլապէս ան ոչինչ կատարած կ՛ըլլայ:

Միւս կողմէ, զինուորական աղբիւրներ հաստատեցին, որ Քաայի անձնասպանական գործողութիւններուն առնչութեամբ բացուած հետաքննութիւնները արդէն իսկ բաւական ճամբայ կտրած են` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը այդ իմաստով կարեւոր տուեալներու յանգած է:

Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ գաղտնի սպասարկութիւնը անցեալ շաբաթավերջին կրցած է ձախողեցնել ապահովական հսկայ գործողութիւն մը, որ պիտի կատարուէր Պէյրութի արեւելեան արուարձաններէն մէկուն մէջ:

Նշենք նաեւ, որ շրջանառութեան մէջ դրուեցան նաեւ ձայնագրուած զգուշացումներ` երկրին սպառնացող  ապահովական հաւանական ցնցումներուն մասին: Այդ զգուշացումները մատնանշեցին «Քազինօ տիւ Լիպան»-ը, որուն տնօրէնութիւնը կտրականապէս հերքեց, թէ կառոյցին ահաբեկչական վտանգներ կը սպառնան:

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն ահաբեկչական հաւանական գործողութիւններուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերով չտարուելու:

 

 

 

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ. Շորթըր Կը Հաստատէ Լիբանանի Բարգաւաճման Եւ Ապահովական Կայունութեան Նկատմամբ Բրիտանիոյ Յանձնառութիւնը

Յաջորդը

«Լիբանանը Թիրախ Դարձնող Անձնասպանական Գործողութեան Հեղինակին Դիմաց, Մենք Երկուքուկէս Տարիէ Ի Վեր Անձնասպանութիւն Կը Գործենք» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.