
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու Բրիտանիոյ հանրաքուէին մանրամասնութիւնները:
Շորթըր յայտնեց, որ հակառակ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու իր որոշումին, Բրիտանիա հզօր կը մնայ իր տնտեսութեամբ:
Շորթըր ընդգծեց նաեւ, որ Բրիտանիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի բարգաւաճման եւ երկրին ապահովական կայունութեան նկատմամբ:
Ան ընդգծեց, որ Լոնտոն կը գործակցի լիբանանեան բանակին հետ, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ մղած անոր պայքարին առումով:
Միւս կողմէ, ան խստիւ դատապարտեց Քաայի մէջ կատարուած անձնասպանական գործողութիւնները` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն ընտանիքներուն:
Շորթըր շեշտեց, որ ոչ մէկ երկիր կրնայ հարիւր առ հարիւր դիմադրել ահաբեկչութեան:
Վարչապետ Սալամին այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի հրաժարեալ նախարար Ալեն Հաքիմ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ ինք վարչապետ Սալամի եւ քաղաքականութեան հետ յարաբերութիւնները չէ խզած` աւելցնելով, որ վարչապետին հետ քննարկած է քաղաքական շարք մը հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ, որ յայտնեց, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը լիբանանեան բանակին ընդմէջէն է, որ կ՛ըլլայ եւ ոչ թէ ինքնուրոյն ապահովական միջոցներով:


