
Պորուսիա Տորթմունտի գործադիր տնօրէն Հանս – Եոաքիմ Վաթցքէ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադառնալով խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի, ըսաւ.
«Այս շաբթուան ընթացքին կը գնահատենք իրավիճակը: Ցանկալի է, որ ֆութպոլիստներուն հետ կապուած բոլոր հարցերը լուծուին, մինչեւ փորձերը սկսիլը: Քիչ մը բարդ որոշում է, բայց պիտի փորձենք մինչեւ 4 յուլիս վերջնական որոշում մը տալ Մխիթարեանի գծով»:
Ըստ անգլիական մամուլին, Մանչեսթըր Եունայթըտ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մխիթարեանի համար առաջարկած է 38 միլիոն եւրօ եւ այդ առաջարկը ընդունուած է գերմանական ակումբին կողմէ:


