
Լիբանանեան Հուփս-1 պասքեթպոլի ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մաթիրայի (Իտալիա) միջազգային մրցաշարքին, շարունակելով իր տպաւորիչ ելոյթներուն շարքը յաջողեցաւ հասնիլ 2005-2006 տարիքի ծնունդ դասակարգի աւարտականին` յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, Հուփս 32-30 արդիւնքով յաղթեց ամերիկեան Նիւ Եորք խումբին:
Ինչ կը վերաբերի Հուփս-2 խումբին անիկա եւս կը շարունակէ իր յաջող ներկայացումներու շարքը` նկատի ունենալով, որ խումբը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը:


