Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔԻԱ. ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՇՏ ԽՕՍՔԵՐԸ ՆԱԵՒ ԿԻՊՐՈՍԻ՞ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԵՆ

September 20, 2011
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազա հասնիլ փորձող նաւերուն դէմ անցեալ տարուան յարձակումին մասին ՄԱԿ-ին վերջերս հրապարակած տեղեկագիրին լոյսին տակ, Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները, նահանջ կ՛արձանագրեն: Անգարա աւելի ու աւելի կը սրէ լարուածութիւնը իր նախկին դաշնակիցին հետ: Թուրքիա մասնաւորաբար խոստացած էր, որ պիտի աւելցնէ իր ծովուժին հսկողութիւնը արեւելեան Միջերկրականի ջուրերուն մէջ, որպէսզի Իսրայէլի ցոյց տայ Կազայի շարունակուող ծովային շրջափակումին հանդէպ իր դժգոհութիւնը: Բայց կրնա՞յ ըլլալ, որ այս ծրագրուած հսկողութիւնը (եթէ իրականանայ) խորքին մէջ Կիպրոսի ուղղուած մկաններու ցուցադրութիւն պիտի ըլլայ:

Թուրք եւ իսրայէլացի որոշ մեկնաբաններ նշած են, որ Թուրքիա Իսրայէլի հետ այս գժտութիւնը կրնայ օգտագործել հրէական պետութեան եւ երկփեղկուած Կիպրոս կղզիին միջեւ գտնուող ջուրերուն մէջ ծովուժի հսկողութիւններ հաստատելու:

Թուրքիա խիստ կերպով բողոքեց Կիպրոսի եւ Իսրայէլի միջեւ վերջերս գոյացած ուժանիւթային համաձայնութեան համար:

Թրքական ռազմանաւերու ներկայութիւնը սպառնալիք մը կրնայ ըլլալ եւ իբրեւ սադրանք` հրահրում կրնայ նկատուիլ Յունաստանի կողմէ, որ նոյնպէս ՕԹԱՆ-ի անդամ է:

Միացեալ Նահանգներու «Նոպըլ Էներճի» ընկերութիւնը կիպրոսի ափամերձ ջուրերուն մէջ հոկտեմբերին պիտի սկսի բնական կազի հետախուզական աշխատանքը` հակառակ այսպիսի զիջումներու դէմ Թուրքիոյ զգուշացումներուն:

Թուրքիա եւ Կիպրոսի տասնամեակներէ ի վեր տարակարծութեան մէջ են ցեղային գետնի վրայ պառակտուած Կիպրոսի հարցով, որուն միջազգայնօրէն ճանչցուած յոյն կիպրական կառավարութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամ է:  Թուրք կիպրացիները կը բնակին հիւսիսային Կիպրոսի անջատուած նահանգին մէջ, որ միայն Թուրքիոյ կողմէ ճանչցուած  է:

Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով նախարար Էկեմեն Պաղըշ, վերջերս պատասխանելով թուրք կիպրացիներու կողմէ բնական կազի հետախուզութեան մասին հարցումի մը` ըսաւ. «Այս պատճառին համար է, որ երկիրները

մարտանաւեր ունին: Այս պատճառին համար է, որ մենք ծովային ռազմական սարքեր ունինք եւ կը մարզենք մեր ծովուժը:

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը` Փանոս Պեկլիտիս սեպտեմբերի սկիզբը Իսրայէլ պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ըսաւ. «Մենք կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ շրջանի բոլոր կողմերուն համար խաղաղութիւն պէտք է ըլլայ: Ասիկա հակամարտութիւններու եւ բախումներու ժամանակը չէ»:

Մինչ այդ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարը նոյնպէս միացան վէճին` Կիպրոսը զգուշացնելով բնական կազի հետախուզական ծրագիրներուն համար:

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարը վերջերս ըսաւ. «Ոչ ոք պէտք է աշխատի փորձարկել, քննութեան ենթարկել թրքական կառավարութիւնը կամ երկրի անցեալը»: Նախարարը կ՛ակնարկէր Միջերկրական ծովու յատակին կազի հետախուզութեան յոյն կիպրացիներու ծրագիրներուն:

«Ատիկա վտանգաւոր քայլ մը պիտի ըլլայ», ըսաւ նախարար Թաներ Եըլտըզ` Սի. Էն. Էն.ի թրքական ցանցին տուած հարցազրոյցին ընթացքին մեկնաբանելով կիպրական ծրագիրը:

Եըլտըզ այս խօսքով կը հակադարձէր Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին հետեւեալ յայտարարութեան. «Թուրքիա ոչինչ կը յանդգնի ընել»:

Նախարար Եըլտըզ ըսաւ, որ շրջանին մէջ քարիւղի հետախուզութիւն պէտք չէ կատարուի, որովհետեւ այդ շրջանին սահմանները տակաւին չեն ճշդուած, եւ թէ` քարիւղ եւ բնական կազ հետախուզելու յոյն կիպրացիներուն գաղափարը համազօր է Թուրքիոյ կողմէ Թեսաղոնիկէի մէջ (Սելանիկ) քարիւղի հետախուզական արշաւի նախաձեռնելուն, առանց համաձայնութիւններու:

«Ես կ՛ուզեմ նշել, որ մենք նոյնպէս կրնանք իրաւունքներ ունենալ Միջերկրականի մէջ, որուն յատուկ տնտեսական գօտիներն ու սահմանները ցարդ չեն ճշդուած: Անոնք չեն կրնար հետախուզութիւն կատարել պարզապէս ընկերութիւններու հետ համաձայնութիւններ կնքելով», ըսաւ նախարարը:

ԵԻԿԱԼ ՇԼԷՅՖԸՐ

«Եուրէյժիանեթ»

Նախորդը

ԲԱԶՄԱՄԱՐԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՉՅԱՆԳԵՑԱՆ. «ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ»-Ի ԶՐՈՒՑԱԿԻՑԸ ՄԻՇԻԿԱՆԻ ՏԵՐՊՈՌՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՎԱՐԻՉ ԴՈԿՏՈՐ ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆՆ Է

Յաջորդը

ՈՉ-ԻՍԼԱՄՆԵՐԸ ՂՐԿԵԼԸ ԳԷՇ ԳԱՂԱՓԱՐ ԷՐ

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.