Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲԱԶՄԱՄԱՐԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՉՅԱՆԳԵՑԱՆ. «ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ»-Ի ԶՐՈՒՑԱԿԻՑԸ ՄԻՇԻԿԱՆԻ ՏԵՐՊՈՌՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՎԱՐԻՉ ԴՈԿՏՈՐ ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆՆ Է

September 20, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարոն Սանճեան, տարիներ շարունակ Հայաստան-սփիւռք համաժողովներ են կազմակերպւում: Մեծ հաշիւով ի՞նչ են շահում Հայաստանը եւ սփիւռքը այդ համաժողովներից:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Վերջին տարիներին կազմակերպուած Հայաստան-սփիւռք համաժողովները կարելի է բաժանել երկու հանգրուանի: Առաջինը երեք համընդհանուր հաւաքներն էին, որոնք 1999 թուականից յետոյ, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ արտաքին գործերի նախարար Վարդան Օսկանեանի իշխանութեան եղած շրջանում տեղի ունեցան: Թւում է, թէ նոյն տարողութեան բազմամարդ հաւաքներ այլեւս պիտի չկազմակերպեն, որովհետեւ պարզ դարձաւ, որ բացի իրենց խորհրդանշական իմաստից, դրանք որեւէ գործնական յառաջընթացի չյանգեցան:

2008 թուականին սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն ետք, շեշտը կարծէք, թէ կը դրուի աւելի մասնագիտական բնոյթի հաւաքներու վրայ: Վերջին երեք տարիներուն կազմակերպուեցան ճարտարապետներու, իրաւաբաններու, կերպարուեստի գործիչներու, ելեւմտագէտներու եւ դրամատուներու, ինչպէս նաեւ առեւտրա-արդիւնաբերական պալատներու եւ գործարարներու միութիւններու համահայկական հաւաքներ: Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեան ներքոյ կայացաւ նաեւ լրագրողներու համահայկական հինգերորդ համաժողովը: Կը հաղորդուի, որ նոյնանման հաւաքներ կը նախապատրաստուին սրտաբաններու, գիւղատնտեսութեան մարզի աշխատողներու եւ խոհարարներու համար: Տակաւին կանուխ է այս նոր մօտեցման արդիւնաւէտութեան վերջնական գնահատական տալ: Այսուհանդերձ, կը կարծեմ, որ մասնագիտական բնոյթ կրող այս հաւաքներուն նկատմամբ սփիւռքի մէջ յարգանքը կ՛աւելնայ, եթէ այս համաժողովներու ընթացքին ստեղծուած ճարտարապետներու եւ իրաւաբաններու համահայկական ընկերակցութիւններն ու «Հայկական առեւտրային ցանցի» խորհուրդը ստէպ հանդէս գան իրենց գործունէութեան մասին հրապարակային զեկոյցներով: Այլապէս, այս մասնագիտական համաժողովներն ալ ժողովուրդի աչքին առաջին հանգրուանի Հայաստան-սփիւռք համաժողովներու ճակատագրին կրնան արժանանալ:

Հ.- Ըստ ձեզ, ի՞նչ մակարդակում, ո՞ր հարթութեան վրայ պէտք է լինեն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, ինչպիսի՞ն են ձեր ընկալումները այս յարաբերութիւնների վերաբերեալ:

Պ.- Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները հայկական իրականութեան անբաժանելի մէկ մասնիկը դարձան այն օրէն սկսեալ, երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին հնարաւոր չեղաւ իրագործել Միացեալ Հայաստանի ու հայահաւաքի իտէալները: Անկէ ի վեր, արդէն 90 տարի, Երեւանի մէջ նստած որեւէ կառավարութիւն եւ սփիւռքի մէջ գործող որեւէ ազդեցիկ կազմակերպութիւն չէ կրցած խուսափիլ այս յարաբերութիւններուն նկատմամբ դիրքորոշում ճշդելու պարտաւորութենէն, կամ` անոնց մէջ ընդգրկուելէ, որովհետեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ բնակող հայերուն միջեւ ստեղծուած հոգեկան ու գաղափարախօսական կապերը խոր նստուածք ունին եւ կը շարունակեն ուղղութիւն տալ մեր քաղաքական ու մշակութային համոզումներուն եւ անոնցմէ բխող մեր գործունէութեան տարբեր ոլորտներուն:

Բայց հայ իրականութիւնը խայտաբղէտ է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ սփիւռքի մէջ: Ուստի պէտք է հաշտուինք այն իրողութեան հետ, որ անտրամաբանական է ակնկալել, թէ ի սփիւռս աշխարհի ապրող բոլոր հայերը երբեւիցէ միասնական ընկալում պիտի կարողանան որդեգրել Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու նեղ բնորոշման կամ անոնց առաջնահերթութիւններու սանդղակին շուրջ: Նոյնպէս անարդիւնաւէտ պիտի ըլլայ այդպիսի օրակարգ մը ի վերուստ պարտադրելը` Երեւանի կառավարութեան կամ որեւէ այլ կազմակերպութեան կողմէ` յատկապէս երբ հայկական պետութիւնը իր ժողովուրդին ու միջազգային հանրութեան առջեւ ստանձնած է ժողովրդավարական ըլլալու պարտաւորութիւն: Ներկայ հանգրուանին Հայաստանի պետական կառոյցները պէտք է ապահովեն այն անհրաժեշտ պայմանները որոնցմով հնարաւոր ըլլայ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր կառոյցներու միջեւ ուղղակի եւ բազմակողմանի կապերու հաստատումն ու բարգաւաճումը: Առաւելագոյնը անոնք պէտք է հանդէս գան այս յարաբերութիւնները համադրողի ու ներշնչողի կամ խրախուսողի դերով:

Հ.- Արդեօք հնարաւոր համարո՞ւմ էք փոխներգործութիւնները, փոխազդեցութիւնները Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ:

Պ.- Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ փոխներգործութիւնն ու փոխազդեցութիւնները արդէն իսկ 90 տարուան անցեալ ունեցող անուրանալի իրողութիւն են: Կը մնայ զանոնք կարգաւորել այնպէս, որ անոնք դառնան փոխշահաւէտ եւ նպաստեն այս յարաբերութիւններու ցանցին մէջ ընդգրկուած իւրաքանչիւր անհատի կամ հաւաքականութեան նպատակներու իրականացման:

Հ.- Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը ինչպէ՞ս էք գնահատում:

Պ.- Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը եկաւ լեցնելու այն բացը, որ գոյացած էր խորհրդային վերջին տասնամեակներուն գործած սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի կազմալուծուելէն ետք: Ի հարկէ, ինքնիշխան Հայաստանն այսօր կաշկանդուած չէ խորհրդային դաշնակցային ու կեդրոնաձիգ կառոյցի պարտադրած սահմանափակումներով: Ըստ այնմ, սփիւռքի նախարարութենէն ժողովուրդին ակնկալիքներն այսօր աւելի շատ են, քան` 1960-80-ական թուականներուն:

Այսուհանդերձ, քաղաքականութեան մէջ իմ ունեցած ակնկալիքներովս ես առաւելապաշտ չեմ, եւ այդ մեկնակէտէն դատելով` ընդհանուր առմամբ բաւարարուած եմ սփիւռքի նախարարութեան եռամեայ գործունէութեամբ: Սփիւռքի նախարարութիւնը հայ իրականութեան ծնունդն է եւ անտրամաբանական է նորաստեղծ կառոյցէ մը սպասել, թէ ան յանկարծ երկնակամարին վրայ պիտի յայտնուի կախարդական ցպիկով ու կարճ ժամանակի ընթացքին լուծում տայ այնպիսի հարցերու, որոնց պատասխանը սփիւռքահայերը չեն կրցած գտնել ամբողջ 90 տարի: Միաժամանակ, սփիւռքի նախարարութիւնը միայն մէկն է Հայաստանի մէջ գործող աւելի քան երկու տասնեակ նախարարութիւններէն, եւ մենք իրաւունք չունինք զայն այլ չափորոշիչներով գնահատելու: Սփիւռքի նախարարուհիին բազմաթիւ այցելութիւնները արտասահմանի հայագաղութներ, նոյնիսկ, լաւագոյն պարագային, Հայաստանով մօտէն հետաքրքրուող սփիւռքահայուն մօտ միայն մասա՛մբ կրնան հակակշռել Հայաստանի դիմագրաւած ներքին դժուարութիւններուն (տնտեսական մենաշնորհներ, պետական պաշտօններու ուղղակի թէ անուղղակի առեւտուր, դատական իշխանութեան փտածութիւն ու կախեալ վիճակ, բանակին մէջ օր աւուր կրկնուող իբր թէ ինքնասպանութիւններ, եւ այլն) թողած ոչ հաճելի տպաւորութիւնը:

Իմ անձնական կապս սփիւռքի նախարարութեան հետ եղած է աշխատանքիս բերումով եւ սահմանափակուած է հրատարակութիւններու եւ նամակներու փոխանակութեամբ: Հայաստանի այլ պետական կառոյցներու հետ վերջին տարիներուն նման յարաբերութիւններու փորձ չունիմ եւ չեմ կրնար համեմատել: Բայց սփիւռքի նախարարութիւնը համեմատելով Հայաստանի գիտական հիմնարկներուն հետ` վերջին երկու տարուան փորձառութիւնս զիս կը մղէ ըսելու, թէ սփիւռքի նախարարութեան աշխատելաոճը աւելի արհեստավարժ ու գործնական է: Ըստ այնմ, զուտ քաղաքավարական ու արհեստավարժ առումով ինծի եւ ինծի նմաններուն համար աւելի պարտաւորեցուցիչ է:

Հ.- Նախարարութեան ստեղծումից յետոյ փոփոխութիւններ եղե՞լ են Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններում: Եթէ այո՛, նշէք խնդրում եմ, եթէ ոչ` ապա ինչո՞ւ:

Պ.- Արմատական փոփոխութիւններ ի հարկէ չեղան: Ո՛չ ալ կ՛ակնկալէի, որ ըլլային: Չեմ կրնար ըսել, թէ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները որեւէ ձեւով վատթարացան սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումէն ետք: Իսկ եթէ եղան բարելաւումներ որոշակի նեղ բնագաւառներու մէջ, դժբախտաբար նախարարութիւնն ու անկախ մամուլը լաւ չմեկնաբանեցին դէպի առաջ այդ փոքր քայլերուն երկարաժամկէտ նշանակութիւնը: Չեմ գիտեր, թէ նախարարութիւնն ունի՞ բաւարար մարդուժ ու նիւթական միջոցներ` լիարժէք իրագործելու իր յայտարարած բոլոր ծրագիրները: Առաջին քանի մը տարուան համար թերեւս աւելի օգտակար պիտի ըլլար, եթէ նախ ճշդուէր սփիւռքի նախարարութեան իրաւասութիւններու իսկական շրջանակը, որպէսզի կրկնութիւններ չըլլան արտաքին գործերու, կրթութեան եւ այլ նախարարութիւններու դէպի սփիւռք ուղղուած գործունէութեան հետ, յետոյ` ընտրուէին քանի մը ծրագիրներ, որոնց յաջող իրագործումէն ետք համընդհանուր խանդավառութիւն յառաջանար սփիւռքի նախարարութեան իրաւասութեան եւ աշխատանքներու շրջանակը հետզհետէ լայնցնելու ուղղութեամբ: Շատ կարեւոր է նաեւ, որ այս նախարարութիւնն ստանձնած առաջին նախարարը լուրջ աշխատանք տանի ստեղծելու համար ներքին ուժեղ կառոյց, որ շարունակէ նոյն արդիւնաւէտութեամբ գործել, նոյնիսկ եթէ նախագահի կամ կառավարութեան փոփոխութեան պատճառով նշանակուի նոր նախարար: Թէ որքանո՛վ ներկայ նախարարը կը յաջողի այս ուղղութեամբ, ինծի նման հեռուէն հետեւողներուն համար յայտնի պիտի դառնայ միայն ապագային:

Նախորդը

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ. ՎԵՐԾԱՆՈՒՄՆԵՐ (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ)

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ. ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿՈՇՏ ԽՕՍՔԵՐԸ ՆԱԵՒ ԿԻՊՐՈՍԻ՞ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԵՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.