
Պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ Փարակուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը նշեց, որ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը` Ռամոն Տիազ հրաժարեցաւ իր վարած պաշտօնէն` «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր կազմին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն եւ անկէ դուրս մնալուն պատճառով:
Արժանթինցի Տիազ, որ դեկտեմբեր 2014-ին ստանձնեց իր պաշտօնը, իր ամէն կարելին պիտի ընէր իր կազմը հասցնելու 2015-ի Մոնտիալին:
Խումբը ցարդ 6 մրցումէ ապահոված է 9 կէտ եւ Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:
Սակայն Տիազ նախընտրեց այժմէն իսկ հեռանալ` նկատի ունենալով, որ Փարակուէյ իր հետ 20 մրցումի ընթացքին արձանագրեց միայն 3 յաղթանակ, 9 հաւասարութիւն եւ կրեց 8 պարտութիւն:


