Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Գամ Մը Եւս Գամեց Հիթլերի Եւ Թալէաթի Դագաղներուն… Բայց

June 13, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

2 յունիս 2016-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը (Պունտեսթակ) ջախջախիչ մեծամասնութեամբ (1 դէմ եւ 1 ձեռնպահ) ճանչցաւ Թուրքիոյ` իր դաշնակիցին կողմէ (1914-1918) հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած բնաջնջումը, ջարդը` զայն կոչելով Ցեղասպանութիւն:

Արդէն բեմադրութիւնը ծանօթ է: Անգարա տուն կանչեց Պերլինի իր դեսպանը «խորհրդակցութեան», միեւնոյն  ատեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանը` անոր յայտնելու Թուրքիոյ Հանրապետութեան (թէ՞ նոր սուլթանութեան) վրդովումը, անհանգստութիւնը, ցասումը, (կամ` ի՛նչ կ՛ուզէք որակեցէք այդ աքթը):

Այս կեցուածքը առնական կամ… մեզ կը մղէ տասնեակ մը եւ աւելի հարցադրումներ կատարելու: Ինչո՞ւ:

Նախակրթարանի գրասեղաններուն վրայ ընթերցանութեան դաս մը սորված, կարդացած եւ քննութիւն տուած եմ, անոր վերնագիրը հետեւեալն է` «Ինչո՞ւ»: 48 եւ աւելի տարիներ ետք կրնամ յիշել միայն «ինչո՞ւ»-ն, բայց` ո՛չ կտորը, ոչ ալ հեղինակը:

Ինչո՞ւ… ինչո՞ւ…

Ա. Գերմանիան` 1914-ին` Համաշխարհային Ա. Պատերազմին Թուրքիոյ դաշնակիցը, «ինչո՞ւ» 101 տարիներ սպասեց, որպէսզի իր խորհրդարանը ճանչնայ հայոց հանդէպ գործադրուած ցեղասպանութիւնը` խոստովանելով (100-ամեակին երկրին նախագահին բերնով, իսկ 101-ամեակին` խորհրդարանի նախագահին) իր երկրին ռազմական վարչամեքենային (գէթ) մեղսակցութիւնը` Օսմանեան բանակի որպէս առաջնորդներու:

Բ. Գերմանիա ինչո՞ւ 2016-ին` Սուրիոյ տագնապի 5-րդ տարին, ուզեց ճանչնալ ցեղասպանութիւնը:

Գ. Ինչո՞ւ  Գերմանիա Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ այնպիսի ատեն, երբ հազարաւոր սուրիացի թէ ոչ սուրիացի գաղթականներ իր երկրին «պատուհանէն» ներս առնելով, Թուրքիոյ խոստացաւ զայն եւ իր ետին կանգնած թրքախօս վեցեակ մը հանրապետութիւններու քաղաքացիները առանց անցագիրի (իբր թէ) ընդունիլ Եւրոպա:

Դ. Ինչո՞ւ Գերմանիա Թուրքիոյ մէջ գտնուող իր 7200-էն աւելի արդիւնաբերական հաստատութիւններուն շահերը ոտնակոխած կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ե. Ինչո՞ւ Գերմանիա ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը անտեսումի կ՛ենթարկէ թրքամէտ թէ թրքական ահաբեկչական խմբաւորումներու («Սուլթան Սելիմ Բ.», եւ Զենէտտին Զանկի»… եւ այլն) կողմէ  Հալէպի հայկական թաղերուն մէջ օրական, այո՛,  օրական, 40-է աւելի տեսակաւոր արկերու կատարած քանդումները:

Զ. Գերմանիա ինչո՞ւ եւ քաղաքական,  ռազմական թէ տնտեսական ի՞նչ շահ կ՛ակնկալէ այս որոշումէն` «ոտնակոխելով» 4 միլիոնէ աւելի գերմանաբնակ թէ գերմանական քաղաքացիութիւն ստացած թուրքերուն «մարդկային զգացումները»` Գերմանիա ապաստանած մօտ 50 հազար հայերու զգացումներուն դիմաց: Զգացումները ե՞րբ տեղ ունեցած են մեծապետական հաշիւներուն մէջ, սկսած Սան Սթեֆանոյի թէ Պերլինի դաշնագիրներու օրերէն, կամ  նախապատմական ժամանակաշրջաններէն:

Է. Հայոց ցեղասպանութենէն 101 տարիներ ետք ինչո՞ւ Գերմանիա մարդկային իրաւունքներով, արժէքներով կը զբաղի հայութեան հանդէպ, մինչ սուտ քուն, կամ կոյր կը ձեւանայ, «Ժապհաթ Նուսրա»-ի, անոր յարակից կառոյցներուն եւ կամ ՏԱՀԵՇ-ի կատարած ոճրագործութիւններուն ի տես: Արդեօք նոյն ջարդարարը, նոյն թուրքը, նոյն մեթոտները եւ նոյն գաղափարախօսութիւնը չե՞ն, որ 101 տարիներ ետք կը կիրարկուին Սուրիոյ ժողովուրդին եւ անոր մաս կազմող ազգային բաղկացուցիչներուն, ներառեալ հայերու նկատմամբ:

Տակաւին երէկ էր` 2 տարիներ առաջ, երբ «Ժապհաթ Նուսրա»-ի եւ անոր դաշնակից «Ահրար Շամ»-ի, ահաբեկչական խմբաւորումները մտան Քեսապ, եւ ժողովուրդը մազապուրծ ազատեցաւ անոնց արիւնարբու ճիրաններէն: Ցայսօր, անոնց կարգ մը խմբաւորումները տիւ ու գիշեր Քեսապի սահմանամերձ շրջաններուն վրայ կը դեգերին իբրեւ Դամոկլեան սուր կախուած Քեսապի գլխուն, թրքական «պահապան» բանակի քիթին տակ, անոր եւ անոնց նախագահին` Էրտողանի քմայքոտ մէկ հրահանգին սպասելով:

Այսօր Թուրքիան` իր էրտողանով կամ Պինալի Եըլտըրըմով, անկիւնը բանտուած կատուի կարգավիճակ ստացած է, եւ պատրաստ է թռչելու իր իսկ տիրոջ` Միացեալ Նահանգներու թէ Եւրոպայի (իմա` Գերմանիա) դէմքին, զայն բզքտելու համար:

Հալէպի, Նոր Գիւղ թաղամասի, կաթողիկէ Ս. Զուարթնոց եկեղեցւոյ թէ անոր յարակից թաղերուն վրայ թրքածին հրոսակներուն արձակած արկերուն թիրախ կրնայ դառնալ նաեւ Քեսապի պէս, հայաբնակ կամ այլաբնակ որեւէ աւան:

Ը. Ինչո՞ւ Գերմանիա Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ետք ուզեց ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Եւ այս «ինչո՞ւ»-ներու շարքը կրնայ շատ երկարիլ:

Մենք` իբրեւ սուրիացիներ, սուրիահայեր, քեսապցիներ… որքան ալ շնորհակալ ըլլալու պարտաւորութիւնը ունինք Գերմանիոյ հանդէպ, սակայն, 21-րդ  դարուն, մենք քսանմէկ հազար պատճառ ունինք չհաւատալու մեծ պետութիւններու «մարդասիրական» զգացումներուն եւ կեցուածքներուն, որքան ալ անշահախնդիր կամ անկեղծ ըլլան անոնք:

Հայ ժողովուրդը իր կազմաւորումէն մինչեւ հիմա միշտ խաբուած է. այժմ պատմութենէն դասը սորված է բաւական սուղ գին վճարելով:

Ան իրաւունքն ու  պարտաւորութիւնը ունի միշտ հարցադրելու…

… Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ…

 

Քեսապ 3 յունիս, 2016

 

Նախորդը

Սլաք. Ձերբազատիլ Պոլսոյ Պատրիարքական Ս. Աթոռի Տեղապահ Արամ Արք. Աթեշեանէն

Յաջորդը

«Սնուպարով» Սուրճը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.