Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար Ատրպէճա՞ն, Թէ՞ Ազրպէճան

June 13, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան բառի գրութեան պարագային կան տարբեր տեսակէտներ եւ հիմնաւորումներ: Այդ պատճառով ալ դժուար է վերջնական եւ մէկ եզրակացութեան հասնիլ: Ստորեւ հրատարակուած նշմարին մէջ մէկ տեսակէտը կը պաշտպանուի միայն: Այս գծով քննարկումի կարելիութիւններ կան տակաւին:

«Ա.»

Վերջին շրջանին նկատած եմ, թէ մեր մամուլին եւ առհասարակ մեր խօսակցութեանց մէջ ընդհանրացած է Ազրպէճան եւ ազերի (իբրեւ ժողովուրդ) բառերը: Դպրոցական մեր տարիներուն թէ աշխարհագրութեան եւ հայոց պատմութեան դասապահերուն մենք սորված ենք Ատրպէճան տարբերակը, որ Հայաստանի արեւելեան սահմանին վրայ գտնուող մեր դրացի-թշնամին է: Հիմա ո՞ր տարբերակն է ճիշդը:

Նախ նայինք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութիւնը գրող մեր ղեկավարները ինչպէս կոչած են այդ երկիրը:

«Նոյն պահուն յայտնուեցաւ, որ թաթարները եւս կը պատրաստուին մայիս 28-ին յայտարարել Ատրպէճանի անկախութիւնը»:

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԽԱՏԻՍԵԱՆ
«Հայաստանի Հանրապետութեան
Ծագումն ու Զարգացումը»
Տպ. Համազգային Պէյրութ 1968 էջ 84

 

«29 069 հոգի մարդկային զոհեր եւ մօտ մի միլիարդ րուբլու նիւթական վնասներ եւ կորուստներ.

Ահա ա՛յս «քաղաքական հասունութեան վկայականով» Ատրպէճանը սկսեց իր պետական անկախ կեանքը»:

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութիւն
Տպ. Մշակ Պէյրութ 1958 էջ 174

 

Նոյնիսկ արցախեան շարժման օրերուն դաշնակցական մամուլին մէջ կը հանդիպինք Ատրպէճան գրելաձեւին:

«Ազգային Հարցի Լուծման Ատրպէճանական Ոճրային Ոճը»

«ԴՐՕՇԱԿ», 1 օգոստոս 1990,
Թիւ 5, էջ 8

 

Ատրպէճանը երկիր մըն է, որ գոյացաւ 1918-ին անգլիացիներուն, թուրքերուն եւ ռուսերուն գործակցութեամբ եւ անկախացաւ 1918 մայիս 27-ին: Երկրին անունը ունի պարսկական ծագում, որ կու գայ ատուր (կրակ) բառէն, ինչպէս Ատրպատական կամ ատրուշան բառերը:

Պէտք է նշել, որ հայաստանեան մամուլը բարեբախտաբար աւելի զգօն է եւ կը գրէ Ատրպէճան եւ ատրպէճանցի:

Ուրկէ՞ բուսան այս Ազրպէյճան եւ ազերի եզրերը:

Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք, ատրպէճանցիք, որոնց մեծամասնութիւնը թուրքեր են, կը փորձեն պատմութիւնը աղաւաղել` ըսելով, որ իրենք բնիկներ են եւ կը կոչուին ազերի, իրենց երկիրն ալ` Ազրպէյճան: Արցախեան հարցը` ներկայացնելով արդար պահանջ պատմական իրենց իրաւունքներուն, միաժամանակ ազերի անուան տակ անոնք կը փորձեն այդ երկրի տարածքին ապրող փոքրամասնութիւնները կլանել: Նշենք, որ Ատրպէճանի մէջ կ՛ապրին լեզգիներ (շուրջ 350 հազար), թալիշներ (շուրջ 150 հազար), ինչպէս նաեւ` թաթեր, ուտիներ, ցախուրներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ: Հետեւաբար ազերի ժողովուրդ, իբրեւ այդպիսին, գոյութիւն չունի, իսկ երկիրն ալ կը կոչուի Ատրպէճան, որուն բնակիչներուն մեծամասնութիւնը թուրքեր են, նոյնքան ազգայնամոլ, ցեղապաշտ ու թրքամոլ, որքան բուն Թուրքիոյ թուրքերն են: Արձանագրենք, որ փանթուրանիզմի գաղափարախօսութիւնը, որուն հետեւանքն էր Հայոց ցեղասպանութիւնը, ծնունդ առած է Պաքուէն:

Առ այդ, կ՛ակնկալենք, որ այսուհետ պատմութիւնը հերթական անգամ խեղաթիւրելու մեր թշնամիին ջաղացքին ջուր չենք լեցներ եւ այդ երկիրը կը կոչենք Ատրպէճան, իսկ բնակիչներն ալ ատրպէճանցի կամ ատրպէճանի թուրքեր:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ո՞ւր Ես Չքնաղ Երջանկութիւն

Յաջորդը

Պունտեսթակի Որոշումն Ու Գործնական Հեռանկարը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.