
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ երէկ հրապարակուած լուրի մը մէջ նշուեցաւ, որ ուրբաթ, 10 յունիսին, Ֆրանսա-Ռումանիա եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան բացման մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ հունգարացի Վիքթոր Քասայ:
Մնացեալ իրաւարարները պիտի ըլլան Կէորկի Ռինկ, Վենսել Թոթ (կողմի իրաւարարներ), Թամաս Պոկնար, Ատամ Ֆարքաս (բերդերուն ետեւի իրաւարարները), Պիոռն Քուիփերս (չորրորդ իրաւարար) եւ Սանտեր Վան Ռոյեքըլ (պահեստի օգնական իրաւարար):


