Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւատեսութեան Զգուշաւոր Մթնոլորտի Մէջ. Քաղաքական Եւ Սահմանադրական Ժամկէտներու Կիրարկման Պահանջը Առանցքը Կը Կազմէ Վարիչներու Խորհրդակցութեանց

June 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Հակառակ այն տեղեկութեանց եւ մեկնաբանական վերլուծումներուն, թէ լիբանանցիք ամրան ապահովական «տաք» եղանակ մը պիտի դիմակալեն, այսուհանդերձ զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը տիրէ երկրի վարիչներուն եւ առնչակից շրջանակներուն մօտ: Անոնք իրենց լաւատեսութիւնը կը հիմնաւորեն այն իրողութեամբ, թէ նշուող «տաք» ամառը կ՛առնչուի Սուրիոյ կացութեան աւելի քան Լիբանանի, եւ թէ Լիբանան պիտի շարունակէ ինքզինք հեռու պահել «դրացի» վտանգներէ: Նոյն աղբիւրները կը շեշտեն սահմանադրական ժամկէտներու կիրարկման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ օրինակ նշելով քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութեանց համեմատաբար խաղաղ պայմաններու մէջ կայացման երեւոյթը, ուր «ոչ ոքի քիթը արիւնեցաւ»:

4698060_1432793803

Քաղաքական առումով եւս նշեալ աղբիւրները իրենց լաւատեսութիւնը կը հիմնեն մօտալուտ նախագահական ընտրութեան հաւանականութեամբ: Կարգ մը աղբիւրներ մինչեւ իսկ հաւանական կը նկատեն յառաջիկայ օգոստոսի վերջաւորութեան երեսփոխան, զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը եւ անոր Պէյթէտտինի նախագահական ամառնային ապարանք փոխադրուելու կարելիութիւնը: Անոնք այս գծով կը վկայակոչեն Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին փոխանցած այն կարգախօսը, թէ` «նախագահական հարցի լուծումը զօր. Աունի մօտ է»: Նմանապէս անոնք կը յիշեցնեն վերջերս  նոյն առնչութեամբ, նախարար Նուհատ Մաշնուքի, Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ նախարար Միշել Ֆարաոնի` ի նպաստ զօր. Աունի թեկնածութեան արտայայտած կեցուածքներն ու մօտեցումները:

Միւս կողմէ, սակայն, այլ աղբիւրներ աւելի զգուշաւոր եւ վերապահ են իրենց լաւատեսութեան մէջ` յիշեցնելով, որ նախագահական թնճուկին լուծումը պէտք է ընդգրկէ ամբողջական թղթածրարը: Այլ խօսքով, ըստ նոյն աղբիւրներուն, անհրաժեշտ է նախագահի անձին կողքին նախօրօք համաձայնիլ նաեւ վարչապետի ինքնութեան շուրջ եւ անմիջականօրէն կայանալիք ընտրութեանց օրէնքի նոր տարազին շուրջ:

Այս գծով յատկապէս ուշագրաւ էր երէկ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումներուն ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վճռական կեցուածքը, թէ պէտք է խուսափիլ «փողոցի զայրոյթէն» եւ փութալ ընտրական նոր օրէնքի մշակման: Ըստ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մըքարիի, Պըրրի կրնայ ընտրական օրէնքի վճռումը օրակարգի վրայ դնել միջլիբանանեան, ազգային երկխօսութեան յառաջիկայ նիստին, 21 յունիսին, որովհետեւ առաջադրուող փոփոխութիւններուն գծով անհրաժեշտ է, որ խորհրդարանական համախմբումներու ներկայացուցիչները որոշեն` տրուած ըլլալով, որ անդամ երեսփոխանները լիազօրուած չեն վճռելու ընտրական օրէնքի փոփոխութեան առաջարկները:

Այս իմաստով կողմերը տակաւին տարակարծիք են համամասնական, խառն, մեծամասնական թէ 60-ի ընտրական օրէնքը վճռելու գծով: «Ոչ ոք կրնայ մեզ մղել կրկին որդեգրելու 60-ի օրէնքը, այլապէս` ճակատումի կ՛երթանք», երէկ շեշտած էր, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, մինչ Մըքարի ընտրական օրէնքի յարմարագոյն տարազը նկատած էր «խառն» օրէնքը:

 

Նախորդը

Նշելով, Որ Չորս Միլիառ Տոլարի Օգնութիւնը «Ջուրը Ինկած Է». «Սէուտական Արաբիա Նախանձախնդիր Է Լիբանանի Հետ Լաւ Յարաբերութիւններ Ունենալու» Ընդգծեց Դեսպան Ասիրի

Յաջորդը

Սալամ Ընդունեց ՀՅԴ-ի Պատուիրակութիւն Մը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի  Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»

September 23, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը  Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»
Լիբանանեան

Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»

September 23, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն,  Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական  Հեռացման Յանգեցնեն»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն, Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական Հեռացման Յանգեցնեն»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.