
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի վեցերորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ Սաժեսի եւ Ռիատիի միջեւ, Ղազիրի դաշտին վրայ, մնաց անաւարտ, մինչ անիկա կ՛ընթանար 61-51 արդիւնքով, ի նպաստ Ռիատիի:
Երրորդ քորթըրին աւարտէն առաջ տեղի ունեցած անհասկացողութիւններն ու բախումները հետզհետէ սաստկացան ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ մրցումը ընդհատի: Բախումներուն ուղեկցեցան համայնքային բնոյթի լուտանքներ: Համակիրները դաշտ նետեցին շիշեր: Այդ պատճառով ալ արձանագրուեցաւ վիրաւոր մը:
Ռիատի ուզեց շարունակել մրցումը այն պայմանով, որ դաշտը ամբողջութեամբ պարպուի Սաժեսի համակիրներէն, մինչ Սաժես բողոքեց, որ դէմ կը կենայ այդ գաղափարին:
Դժբախտաբար, մրցումը չշարունակուեցաւ եւ տխուր ձեւով աւարտեցաւ այս վեցերորդ ճակատումը:


