Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը երէկ իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ այս տարեշրջանի 3-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը (Մաութըն Պայք), որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 18 սեպտեմբերին, փոխան Շուֆի պիտի կատարուի Պիսքանթայի մէջ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը կը հովանաւորէ «Սքոթ»ը:


