
Սպանական մամուլին համաձայն, Եու. Է. Էֆ. Ա.ն կրնայ կախակայել Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, որ Տինամօ Զաղրեպի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»ի մրցումէն ետք քննադատած էր օրուան գլխաւոր իրաւարարը` նորվեկիացի Սվէյն Մոյենը, եւ փափաք յայտնած, որ ան յառաջիկային իր ակումբին կատարելիք մրցումներուն իրաւարարը չըլլայ:


