Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Լիբանանի Սանուց Միութիւն. Նիկոլ Պեզճեանի «Տաճար Լուսոյ» Ժապաւէնի Առաջին Ցուցադրութիւն

June 2, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0773

Կազմակերպութեամբ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի սանուց միութեան, չորեքշաբթի 1 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սանթր Սոֆիլ»-ի «Մեթրոփոլիս Արթ Սինեմա»-ին մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի «Տաճար լուսոյ» ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը:

Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, խօսք առաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի սանուց միութեան ատենապետ Արմէն Իւրնեշլեան, որ ըսաւ, թէ ՄԿՀ-ի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով նախկին «մելգոնեանցի»-ները հաւաքուած են այս սրահին մէջ` կրկին լսելու համար իրենց ուսման տաճարին ղօղանջները, որոնք 11 տարիներէ ի վեր չեն հնչեր… Իւրնեշլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս ժապաւէնի պատրաստութեան մէջ, ըլլայ այդ մէկը կազմակերպուած աշխատանքով, նիւթական զօրակցութեամբ կամ պարզապէս քաջալերանքով: Ան նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Նիկոլ Պեզճեանին եւ իր աշխատանքային խմբակին, որոնք իրականացուցին ՄԿՀ-ի Լիբանանի սանուց միութեան տեսիլքը:

IMG_0767

Նիկոլ Պեզճեանի «Տաճար լուսոյ» ժապաւէնը կազմուած է ՄԿՀ-ի շրջանաւարտներու վկայութիւններէն, աշակերտական տարիներու դրուագներէն, ասմունքներէն, իւրաքանչիւրին յիշատակներէն, տպաւորութիւններէն եւ իրենց հետ տարած լոյսի նշոյլէն: Ժապաւէնը ամբողջութեամբ հիւսուած է բանաստեղծական թելով, կը յատկանշէ Պեզճեանի ժապաւէնները: «Տաճար լուսոյ»-ն մեծամասնութեամբ նկարահանուած է Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, պարապ անցքերուն, դասարաններուն, սրահներուն, տարրալուծարանին, գրադարանին մէջ: Տեսարաններուն միջեւ գոյացող ներքին կապը,  կարգ մը պատկերներու կրկնութիւնը, բանաստեղծութիւններու ընթերցումը, երգերու կատարողութիւնը, ձայներու իրար մէջ ձուլումը կը ստեղծեն այդ բանաստեղծական թելը, որ հիւսած է ժապաւէնը: Յատկապէս ուշագրաւ են բաց պատուհաններու եւ դռներու պատկերները, որոնք ենթադրել կու տան, թէ հաստատութիւնը կը սպասէ իր անցեալի թէ ներկայի աշակերտութեան: Փաստօրէն, այն տեսարանը, ուր պատանի աշակերտը իր ճամպրուկով կը հասնի դպրոց, կը կրկնուի մերթ գունաւոր պատկերներով, մերթ սեւ-ճերմակ, իսկ ժապաւէնին աւարտին կը տեսնենք նոյն պատանին, որ ճամպրուկը ձեռքին վերջնականապէս դուրս կու գայ դպրոցէն:

«Տաճար լուսոյ»-ն իր բովանդակութեան ծառայեցնելով շարժապատկերի արհեստագիտութիւնները զգալի կը դարձնէ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան իւրայատկութիւնը, տեսանելի կը դարձնէ այն ոգին, որով թրծուած է անոր աշակերտութիւնը եւ հանդիսատեսը վշտակից կը դարձնէ անոր շրջանաւարտներուն կարօտին: Այս վերջինները ունեցած են իբրեւ ուսուցիչ Յակոբ Օշականի եւ Բարսեղ Կանաչեանի նման տիպարներ, որոնք անտարբեր չէին կրնար ձգել իրենց աշակերտները, որոնցմէ Սեպուհ Աբգարեանը` ԳՈՀԱՐ երգչախումբի եւ նուագախումբի նախկին ղեկավարը: Կամ ունեցած են պարզապէս երիտասարդ օրդ. Մարօ մը, որ անմոռանալի տպաւորութիւն մը ձգած է տասներկու տարեկան պատանիին վրայ, որ առաջին անգամ ըլլալով կը կանգնի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան դրան առջեւ:

«Տաճար լուսոյ» խորագիրը իր ամբողջական իմաստը կը գտնէ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան բարերար Կարապետ Մելգոնեանի մէկ նամակին մէջ, զոր կը կարդայ շրջանաւարտ մը. «Մելգոնեանը եղաւ ցեղասպանութեան ամէնէն ազնուական վրէժը»: Շրջանաւարտը կ՛աւելցնէ ըսելով, թէ այս խորագիրը իսկապէս որ կ՛ամփոփէ ՄԿՀ-ի առաքելութիւնը` 80 տարիներ շարունակ լոյս սփռած ըլլալով «արուեստի ու գիտութեան ծարաւ» աշակերտութեան:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Ո՞վ Սպաննեց Հայերը» Ժապաւէնի Ցուցադրութեան Առիթով Զայն Պատրաստողը Հաստատեց Հայութեան Վերապրումն Ու Զայն Սպաննելու Ծրագիրի Ձախողութիւնը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.