Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքի 11 Սաներ Արժանացան Սարկաւագական Ձեռնադրութեան

June 1, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

11san1_53116

Կիրակի, 29 մայիս 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի ընծայարանի 11 սաներ սարկաւագական ձեռնադրութեան արժանանալով ուխտեցին ծառայել Տիրոջ սուրբ սեղանին: Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Արարողութեան ներկայ էին միաբան հայրեր, դպրեվանքի տեսչութիւնը, ծնողներ եւ ստուար թիւով հաւատացեալներ, որոնք իրենց աղօթքներով զօրակից եղան եկեղեցւոյ այս կարեւոր կարգին արժանանալու կոչուած ընծայեալներուն:

Պատարագի ընթացքին դպրեվանքի հսկիչ եւ խարտաւիլակ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանի առաջնորդութեամբ ընծայեալները ծնրադիր բարձրացան Ս. խորան: Եկեղեցւոյ հայրերու հոգեպարար աղօթքներուն եւ աստուածաշնչական ընթերցումներուն ընդմէջէն ձեռնադրիչ Մակար եպս. Աշգարեան խրատեց եւ իրենց ստանալիք պաշտօնին գիտակցութեան հրաւիրեց ձեռնադրեալները: Ապա, «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհս» շարականի երգեցողութեամբ անոնք հրաժարեցան երկրաւոր ու աշխարհիկ փառքերէն: Ձեռնադրութեան արարողութենէն ետք սրբազան հայրը իր քարոզի ընթացքին անդրադարձաւ առաքեալներու գործերուն մէջ արձանագրուած Ս. Ստեփանոսի նուիրուած դրուագին եւ այդտեղ նշուած եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսին առաքինութիւններուն, որոնք կը բնորոշեն զինք իբրեւ հաւատքով ու Ս. հոգիով, շնորհով եւ զօրութեամբ լեցուն մարդ մը: Ձեռնադրիչ սրբազանը հրաւիրեց ընծայեալները, որ իրենց ամբողջ կեանքին տեւողութեան Ս. Ստեփանոսը իբրեւ տիպար ունենան: «Այսօր նոր էջ մը բացուեցաւ ձեր կեանքին մէջ: Եթէ մինչեւ օրս ձեր կեանքը աննպատակ էր, այսուհետեւ ձեր կեանքը նպատակասլաց պէտք է ըլլայ` ծառայութիւն Աստուծոյ, ծառայութիւն մեր եկեղեցւոյ եւ ծառայութիւն մեր ժողովուրդին», ըսաւ սրբազան հայրը:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին նոր ձեռնադրուած 11 սարկաւագները, ձեռնադրիչ սրբազանին ու դպրեվանքի տեսչութեան առաջնորդութեամբ, ներկայացան վեհափառ հայրապետին, որ իր հայրական խրատները տուաւ եւ քաջալերեց զիրենք եկեղեցանուէր առաքելութեան սկզբնաւորութեան, ապա պահպանիչ աղօթքով օրհնեց:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Գրող Պեպօ Սիմոնեանի «Գրականութեան Ճամբուն Վրայ» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Յաջորդը

Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի Երեք Շարժանկարներու Ցուցադրութիւն

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.