Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

96-ԱՄԵԱԿ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ. ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՐԱՖՖԻ ՉԵՐՉԵԱՆԻ «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ` «ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

September 17, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գինեձօնի արարողութեան պահուն

Մուսա լերան հերոսամարտի 96-ամեակի ձեռնարկներուն շարքին, երէկ` ուրբաթ, 16 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը` նուիրուած ճարտարապետ-հնագէտ Րաֆֆի Չերչեանի «Լիբանանի հայկական եկեղեցիները» գեղատիպ հատորին:

Ձեռնարկին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հովիւները, պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, համայնքային ու միութենական ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Լալիկ Խօշեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ճարտարապետ-հնագէտ- երկրաչափ Րաֆֆի Չերչեանը` յայտնելով, որ նշեալ ձեռնարկը նուիրուած է իր հեղինակած հատորին` «Լիբանանի հայկական եկեղեցիները» գեղատիպ հրատարակութեան: Ան հրաւիրեց պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնէ այս յիշատակելի հատորը:

Ճարտարապետ Րաֆֆի Չերչեան կը մակագրէ իր գիրքը

Նախարարը անդրադարձաւ այս հատորին, որ լոյս կը սփռէ Լիբանանի տարածքին հայութեան ներկայութեան. գիրքին մէջ լիբանանահայութիւնը կ՛երեւի ոչ թէ իբրեւ եկուոր, այլ իբրեւ երկրի ժողովուրդին անբաժան մէկ մասը, մաս մը, որ զարգացուցած է այս երկիրը:

Նախարարը անդրադարձաւ հատորի ֆրանսերէն հրատարակութեան եւ այդ մէկը նկատեց առաւելութիւն մը, որ հայերը չճանչցողներուն ուղղուած է եւ շատ երեւոյթներ կը լուսաբանէ:

Վերջապէս, նախարարը շնորհաւորեց գիրքին հեղինակը` մաղթելով, որ գիրքը հրատարակուի նաեւ այլ լեզուներով, ինչպէս` անգլերէն, արաբերէն եւ հայերէն:

Նախարարին խօսքէն ետք եկեղեցական յատուկ արարողութեամբ, գիւղի բոլոր հոգեւորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը` կնքահայրութեամբ նախարար Փանոս Մանճեանի:

Գինեձօնի արարողութենէն ետք իր սրտի խօսքը ուղղեց հեղինակ Րաֆֆի Չերչեան, որ անդրադարձաւ գիրքին նպատակներուն, անոր պատրաստութեան եւ տարբեր բաժիններուն, յատկապէս շեշտելով, որ սոյն գիրքով ինք ուզած է նոր սերունդին ցոյց տալ, որ հայերը այս երկրին մէջ ունին ճարտարապետական մեծ աւանդ, անոնք գաղութ չեն, այլ` լիբանանեան համայնք:

Հեղինակը յայտնեց, որ ինք արդէն իսկ սկսած է իր երկրորդ աշխատութեան պատրաստութեան: Հեղինակը առիթ ունեցաւ նաեւ պատասխանելու ներկաներուն հարցումներուն:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Հեղինակը նաեւ մակագրեց հատորէն օրինակներ:

Նախորդը

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԵՏԻԿԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յաջորդը

ԿԻՊՐՈՍ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ` ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԳԵԼԱԿԵԼ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.