
ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Ընդհանրապէս տարբեր երկիրներու մէջ անկախութեան նշման նախօրէին ամբողջ երկրի տարածքին ազգն ամբողջ իր բոլոր խաւերով կը դիմէ գերեզմանոցներ կամ յուշահամալիրներ` իր անհատական թէ հաւաքական յարգանքի տուրքն բերելու նոյն հողի ազատագրման կամ պահպանման նուիրուած ամէն նահատակի: Կը կատարուին պետական տեղին զինուորական, ուսանողական, անհատական թէ այլ մակարդակի նշումներ կամ հանդիսութիւններ, որոնք իրենց աւարտին կը հասնին նոյն օրուան երեկոյեան որոշ ժամի, որուն անմիջապէս կը հետեւի անկախութեան օրը դիմաւորելու պետական մակարդակի գլխաւոր կամ առաջնագոյն հանդիսութիւնը, որուն կը հետեւին միւսները: Յաճախ հարց կը յառաջանայ, ինչպէ՛ս կարելի է սուգէն անմիջապէս անցնիլ գերուրախութեան կամ ուրախ պահի դիմաւորումին, հարց, որ կը պատասխանուի անով, որ` «ազգի զինուորն իր կեանքն կը զոհաբերէ, որ` մենք ապրինք». հետեւաբար ոչ մէկ շօշափելի հակադրութիւն կայ զոյգ խորհուրդներուն միջեւ, չըսելու համար, որ ուղղակի կեանքով նուիրականացած շարունակականութիւն կայ: Արդեօք ժամանակը չէ՞, որ մենք ալ մեր կարգին որպէս պետականաշինութիւնը ոգեպնդող առաւել քայլ, յետ այսու, անկախ Ցեղասպանութեան նահատակաց նշումէն, որ այսօր սրբադասման ըմբռնումի մը գործընթացի մէջ է, անմիջականօրէն մեր հողին համար զոհուած զինուորի, կամաւորի, թէ պարզապէս հայրենիքի պաշտպանական համակարգի պաշտօնեայի յարգանքի տուրքը բերենք միօրեայ պատշաճ մակարդակի նշումով ու անմիջապէս անցնինք միօրեայ անկախութեան նշումի: ԱՆԿԱԽ ԱՅՆ ԻՐՈՂՈՒԹԵՆԷՆ, որ արցախեան հողի ազատագրումը իր պատմական տեղը ունի մեր պատմութեան մէջ, անկախ Շուշիի պատմական սխրանքէն, անկախ սեպտեմբեր 21-ի պատմական ժամէն, կարելի չէ տարին տասը առիթով ազգովին Եռաբլուր այցելել ու տարին գոնէ երեք առիթով անկախութիւն նշել: Ժամանակն է, որ այնպէս, ինչպէս մէկ ժողովուրդի, մէկ հայրենիքի, մէկ պետականութեան, մէկ երազի հետապնդման հրամայականն է սեղանի բերուած, հետեւաբար ժամանակն է, որ մէկ օր առաջ ԱՐԱՄներու գերեզմանները խնկարկենք, իսկ յաջորդ առաւօտ սարդարապատեան խենթերն գովերգենք: Ապագայ սերունդները թող իմանան ու խնկարկեն սրբազան սուգ մը, այնուհետեւ թող ծածանեցնեն Եռագոյնը` 1918-ից նուիրականացած:


