Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Նուիրուած Յատուկ Արարողութիւնները Կը Համախմբեն Հաւատացեալները

May 19, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0518

Երկուշաբթի, 16 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով տեղի ունեցող աղօթքի շաբթուան շրջագիծին մէջ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութիւն: Այնուհետեւ օրուան պատգամը փոխանցեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան, որ շեշտը դրաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան վրայ: Ան ըսաւ, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը բոլորին իրաւունքն է եւ ծնողքի մը պարտականութիւնն է զայն փոխանցել իր զաւկին: Քահանայ հայրը շեշտեց նաեւ, որ եկեղեցին կը ձգտի քրիստոնէական դաստիարակութիւն տալ ժողովուրդին, որովհետեւ կ՛ուզէ կերտել փրկութեան արժանի անհատը` անդրադառնալով ծնողքին, դաստիարակին եւ եկեղեցւոյ ունեցած հիմնական դերակատարութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ:

Երեքշաբթի, 17 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դարձեալ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ աղօթք: Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ խօսեցաւ աղօթքին եւ Աստուածաշունչին մասին: Ան բացատրեց, որ աղօթքի միջոցով մեր զգացումները կը յայտնենք Աստուծոյ` աւելցնելով, որ պէտք է անկեղծօրէն աղօթենք եւ պարտականութիւն չսեպենք աղօթելը, որ կեղծաւորութեան կ՛առաջնորդէ: Անդրադառնալով Աստուածաշունչին` քահանայ հայրը ըսաւ, որ անիկա մեր մտահոգութիւններուն եւ հարցերուն լուծման միջոցն ու դարմանն է, որ մեզի  փոխանցուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուածաշունչին միջոցով Ան կը խօսի մեզի հետ եւ մեր կեանքը կ՛ուղղէ այնպէս, ինչպէս Քրիստոս սորվեցուց:

IMG_0532

Չորեքշաբթի, 18 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կարճ աղօթքի պահէ մը ետք, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու դպրաց դասերուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր դէպի Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցի:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ Հռիփսիմեանց կոյսերուն ունեցած հաւատքի զօրութեան վրայ` աւելցնելով, որ Ս. Հռիփսիմէ իր ազնուական բարքէն զիջեցաւ եւ ընտրեց երկնային հարստութիւնը: Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց, որ մենք ալ իբրեւ հաւատացեալներ Հռիփսիմեանց կոյսերուն տօնին առիթով վերանորոգենք մեր հաւատքը, որովհետեւ ներկայ պայմաններուն մէջ պէտք ունինք հաւատքի ամրութեան: Անդրադառնալով տեղի ունեցած թափօրներուն` սրբազան հայրը մաղթեց, որ մենք ալ քալենք քրիստոնէական եկեղեցւոյ ճամբէն, որպէսզի արժանանանք նոյն սրբութեան:

Յայտնենք, որ հինգշաբթի, 19 եւ ուրբաթ, 20 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դարձեալ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու նուիրուած յատուկ աղօթք, իսկ երկուշաբթի, 23 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ ջրօրհնէք եւ խունկի օրհնութեան արարողութիւն:

 

Նախորդը

ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Կազմակերպած Մայրերու Օրուան Իւրայատուկ Ձեռնարկը

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Յիշատակի Երեկոյ` Նուիրուած Լիբանանցի Անուանի Բեմադրիչ Եւ Թատերագիր Ռեմոն Ժպարայի

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.