Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻԱ. ԹՈՒՐՔԻԱ ԸՆԴԴԷՄ ԻՐԱՆԻ

September 16, 2011
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական ըմբոստութիւնը, այժմ` իր վեցերորդ ամսուան մէջ, այսօր կը վերաճի շրջանային մրցակիցներու` Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ իշխանութեան համար պայքարի:

Թուրքիա վարանումներէ, մտորումներէ ետք, համոզուեցաւ, որ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը այլեւս չի կրնար մնալ: Վերջին շաբաթներուն Թուրքիա համաժողովներ, խորհրդաժողովներ հիւրընկալեց` ստեղծելով սուրիական «միջանկեալ խորհրդարան»` դէպի ժողովրդավարութիւն անցման նախապատրաստելու: Թուրքերը նաեւ իրենց զօրակցութիւնը, աջակցութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ նկատմամբ Եւրոպական Միութեան նոր պատժամիջոցներու սահմանման: Ատոնց շարքին է քարիւղի եւ կազի ներածումներու արգելքը:

Թուրքիա որոշ լծակներ ունի. իբրեւ Սուրիոյ ամէնէն մեծ ներդրողը, որուն ներդրումներու ծաւալը կը գերազանցէ 25 միլիառ տոլարը, Անգարա թրքական գործարար շրջանակներէ խնդրած է գումարներու նոր հոսքեր չկատարել Սուրիա:

Անգարա կ՛ուզէ, որ Ասատ հեռանայ` իշխանութիւնը զիջելով անցումային բարեկարգչական կառավարութեան մը: Այս տեսակէտին կը զօրակցին շրջանային որոշ պետութիւններ, մասնաւորաբար` Սէուտական Արաբիան եւ իր Ծոցի դաշնակից երկիրները: Կը թուի, թէ Եւրոպական Միութիւնը եւս կ՛ուզէ, որ Թուրքիա առաջնային դերակատարութիւն ունենայ Սուրիոյ մէջ:

Սակայն այսպիսի նախագիծի մը կտրականապէս դէմ է Իրան: Վերջին տասնամեակին Իրան-Սուրիա յարաբերութիւնները աւելի սերտացան:

Իրան ներդրումներու իրականացման միջոցով պահպանեց Սուրիոյ քայքայուող տնտեսութիւնը: Կ՛ենթադրուի, թէ յաճախակիօրէն կատարուող այս ներդրումները 20 միլիառ տոլար կը կազմեն: Իրան Սուրիոյ կու տայ նաեւ «նուէրներ», ներառեալ զէնքեր` տարեկան 150 միլիոն տոլար արժողութեամբ: Պաշշար Ասատի նախագահութեան օրօք իրանեան ներկայութիւնը շատ աճած է: Ամբողջ Սուրիոյ մէջ Իրան 14 մշակութային գրասենեակներ բացած է:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը եւս Դամասկոսի մէջ կը վարէ «համակարգման գրասենեակ» մը, որուն անձնակազմը, ըստ ամերիկեան աղբիւրներուն, կը բաղկանայ 400 ռազմական մասնագէտներէ: Իսկ Սուրիա միջերկրականեան միակ երկիրն է, որ իրանեան ծովուժի նաւատորմին խարսխելու իրաւունք առաջարկած է:

Երկու երկիրները «փոխադարձ պաշտպանութեան» մասին դաշինք ստորագրած են: Սուրիան եւ Հիւսիսային Քորէան միակ երկու երկիրներն են, որոնց հետ Իրան սպայակոյտերու ղեկավարներու տարեկան խորհրդաժողովներ կը կայացնէ:

Մինչեւ անցեալ յունիս Թեհրանի ղեկավարութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հանդէպ երկմտանքի մէջ կը թուէր ըլլալ: Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ եւ արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի հրապարակաւ առաջարկեցին, որ վարչակարգը պէտք է «լսէ Սուրիոյ ժողովուրդը»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դէպի Սուրիա ճամբորդութեան «ժամանակաւոր դադրեցում» մը ստացաւ:

Մինչ այդ Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէի, ըստ ամենայնի, որոշած էր Իրանի ամբողջ ուժով եւ հեղինակութեամբ պաշտպանել Ասատը:

«Մենք չենք կրնար արտօնել, որ դաւադիրները Սուրիոյ մէջ յաջողին», կը գրէ «Քայհան» օրաթերթը , որ կ՛արտայայտէ Խամենէիի տեսակէտները: Վերջերս հրատարակուած խմբագրականի մը մէջ կ՛ըսուի. «Անոնք, որոնք Սուրիան թիրախ կը դարձնեն, իրականութեան մէջ թիրախ կը դարձնեն Իրանի Իսլամական Յեղափոխութիւնը»: Թերթը նաեւ կը զգուշացնէ. «Թուրքիա պէտք է գիտնայ, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը իր բոլոր միջոցները պիտի օգտագործէ Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւնները ձախողեցնելու համար»:

Տողատակի արտայայտուած սպառնալիքը այն է, որ Թեհրան կրնայ վերաշխուժացնել Թուրքիոյ դէմ կռուող ահաբեկչական խումբերը: Իրականութեան մէջ Իրան արդէն վերցուցած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ զինեալներու տեղափոխութեանց արգելքը:

Իրան կը ձգտի ամէն գնով Ասատի համար շրջանային աջակցութիւն, զօրակցութիւն ապահովել, բայց այդ հարցին մէջ Թեհրանի միակ դաշնակիցը Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող լիբանանեան կառավարութիւնն է:

Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի վրայ բանեցուած իրանեան ճնշումը ցարդ ձախողած է համոզելու Պաղտատը, որպէսզի աջակցի Ասատի (Իրաքի նախագահ Ժալալ Թալապանի պահանջած է, որ Ասատ հեռանայ):

Արաբական որոշ երկիրներ ալ սպասողական դիրք բռնած են, որովհետեւ կը կարծեն, թէ առանց Միացեալ Նահանգներու ամուր աջակցութեան` թրքական անցումային ռազմավարութիւնը վստահութիւն չի ներշնչեր:

Յորդանան շատ պիտի ուզէր Ասատի կռնակը տեսնել: Պաշշարի հայրը փորձած է սպաննել Հիւսէյն թագաւորը, որ հայրն է այժմու Ապտալլա թագաւորին:

Իրաք, նոյնպէս, ազատելով Սատտամ Հիւսէյնի Պաաս կուսակցութենէն, սուրիական Պաաս վարչակարգին տապալումը պիտի ուզէ տեսնել:

Բայց երկու երկիրները կ՛անհանգստացնէ, կը մտահոգէ այն երեւոյթը, թէ Սուրիոյ մէջ երկարաձգուող խառնաշփոթը կրնայ «արտադրել» գաղթականներու հեղեղ մը, որ իրենք առանց մեծ պետութիւններու աջակցութեան, մասնաւորաբար` Միացեալ Նահանգներու, չեն կրնար դիմակալել:

Եգիպտոս, որ կը յայտնուի, դուրս կու գայ բռնատիրական իր սեփական մղձաւանջէն, նոյնպէս կ՛ողջունէ Ասատի տապալումը: Բայց Գահիրէ նաեւ մտահոգ է Ուաշինկթընէն եկող շփոթեցնող, մոլորեցնող նշաններով:

Այնպէս որ, Արաբական գարունը Միջին Արեւելքին նոր ձեւ ունենալու հնարաւորութիւն ընձեռած է:

Խնդիրը այն է, թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս կ՛օգտուի ատկէ:

ԱՄԻՐ ԹԱՀԵՐԻ

«Նիւ Եորք Փոսթ»

Նախորդը

ՄԵՆՔ ԵՆՔ` ՄԵՐ ՑԱՒԵՐԸ. ՄՆԱԼ ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՉԱՓԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԵՐ ԵՒ ՔԻՒՐՏԵՐ. ԵՐԿՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶՈՀԱԲԵՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ (Ա.)

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.