
Մասնակցութեամբ 13 ակումբներու, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի, տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան խմբային մրցումները:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն արձանագրեց երկու յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Ահլի Սայտան եւ Ժամհուրը, երկուքն ալ` 3-0 արդիւնքով:
Այսօր, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը, յաջորդաբար կը մրցին Նատուա Քամաթիէի (ժամը 18:00-ին) եւ Պարաղեմ Նապաթիէի (19:30) դէմ:
Նշենք, որ ախոյեանութեան աւարտին 3 խումբ կը փոխադրուի Բ. դասակարգ:
Ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 21 մայիսին:
ՀՄԸՄ-ի կազմին մաս կը կազմեն Արտակ Ասատուրեան, Աւօ Մումջողլեան, Միսաք Պոյաճեան եւ Մարուան Մըրշի, իսկ խումբին մարզիչն է Րաֆֆի Մումջողլեան:
Նշենք, որ նախորդ տարի ՀՄԸՄ գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, մրցումները կը սկսին 17 մայիսին:


