
«Պունտըսլիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանի աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ կազմուեցաւ լաւագոյն փլէյմէյքըրներուն տասնեակը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, ապահովելով 113 կէտ յայտնուեցաւ 7-րդ դիրքին վրայ:
Հենրիխ Մխիթարեան Չ՛ուզեր Իր Պայմանագրութիւնը
Երկարաձգել Տորթմունտի Հետ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան չ՛ուզեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտին հետ, կը յայտնէ «Միրըր»:
27 տարեկան ֆութպոլիստը առանց իր հրաժարագինը գիտնալու չ՛ուզեր նոր պայմանագրութիւն մը կնքել իր կազմին հետ:
Կը հաղորդուի, որ երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս անհամաձայնութենէն կրնայ օգտուիլ Չելսի եւ յառաջիկայ ամրան ընթացքին փորձել ձեռք ձգել անոր ստորագրութիւնը:
Շրջանառութեան մէջ դրուած են նաեւ տեղեկութիւններ, որ Մխիթարեանով հետաքրքրուած են նաեւ Արսենալ եւ Եուվենթուս:
Նշենք, որ Մխիթարեան 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ Տորթմունտի:


