Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 11 մայիսին, գիշերուան ժամը 22:30-ին, տեղի կ՛ունենայ Սաժես – Մութթահետ երկրորդ մրցումը, Ղազիրի դաշտին վրայ:
Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին մրցումին, Սաժես Թրիփոլիի մէջ 82-70 արդիւնքով յաղթեց Մութթահետին:
Եօթը մրցումէ չորս յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ մրցումին յաղթականին դէմ:


