
Անգլիական Լայսթըր Սիթիի մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերի ճանչցուեցաւ Իտալիոյ տարուան լաւագոյն մարզիչը, այս մասին հաղորդեց «Lequipe.fr» մարզական լրատուական կայքը:
Մրցանակը Ռանիերիին յանձնեց Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Քարլօ Թաւեքիօ, որ նախապէս ըսած էր, որ ան կրնայ դառնալ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչը:
Նշենք, որ շուրջ տասը օր առաջ Լայսթըր Սիթի Ռանիերիի գլխաւորութեամբ հանդիսացաւ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեան:


