Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 20-Ամեակը Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Քաթարի Թեմին Մէջ

May 11, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

20-amiag_51016

Երկուշաբթի, 9 մայիս 2016-ի երեկոյեան, Տուպայի «Պուսթան Ռոթանա» պանդոկին մէջ, կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ:

Պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ էին զանազան երկիրներու դեսպաններ, թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, Եպիսկոպոսական ժողովի գրասենեակի տնօրէն եւ դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, կաթողիկոսարանի լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, վիճակի ազգային երեսփոխաններն ու վարչութեանց անդամները, կիլիկեան «իշխան»-ներ եւ «ասպետ»-ներ, բարերարներ ու բարեկամներ` աւելի քան 350 անձ, որոնք հաւաքուած էին յոբելեար հայրապետին շուրջ, անոր գահակալութեան 20-ամեակին ուրախ առիթով:

Վեհափառ հայրապետին 20-ամեայ բեղուն գահակալութեան եւ համահայկական ու հայապահպանման, միջեկեղեցական ու միջկրօնական, Հայ դատի ու պահանջատիրութեան, կրթական ու մշակութային, շինարարական եւ զանազան այլ մարզերու մէջ անոր գործունէութեան մասին արտայայտուեցան կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբը, թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Հրայր Սողոմոնեան եւ Տուպայի ու հիւսիսային Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ազգային վարչութեան ատենապետ Մուշեղ Պետիրեան: Ապա, իրագործուեցաւ այս առիթով պատրաստուած գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը:

Իր արտասանած խօսքին ընդմէջէն վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անցնող տարիներու գործունէութիւնը` ընդգծելով այն իրողութիւնը, որ կիլիկեան հայրապետական սուրբ աթոռին կեանքը եղած է «ծառայութիւն դէպի մեր ժողովուրդը, հայրենիքը եւ պահանջատիրութիւնը»: Ան ըսաւ. «Մենք կը գործենք մեր ժողովուրդի մնայուն արժէքներէն, գերագոյն ձգտումներէն եւ համահայկական առաջնահերթութիւններէն մեկնած: Մեզի համար, ի՛նչ հանգամանքի տէր ալ ըլլայ անձ մը, արժէք է եւ մեր սիրոյն ու յարգանքին արժանի, երբ կը ծառայէ մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքի շահերուն»:

Յայտնենք, որ այս առիթով ցուցադրուեցաւ վեհափառ հայրապետին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող «Հաւատքի առաքեալը» անունը կրող յատուկ տեսերիզ մը, որ պատրաստուած էր կաթողիկոսարանի լսատեսողական բաժանմունքին կողմէ:

Նշենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակը կը զուգադիպէր անցնող տարուան, բայց նկատի ունենալով, որ անիկա կը հանդիպէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, յարմար տեսնուեցաւ, որ 2016 թուականին նշուի վեհափառ հայրապետին կաթողիկոսական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-ամեակը:

 

 

Նախորդը

«Քրիստոնեայ Կուսակցութիւններուն Համախոհութիւնը Կը Հաստատէ, Որ Պետական Հաստատութիւններուն Մէջ Ներկայութեան Ապահովումը Կարիքը Ունի Բոլորին Կամքին» Շեշտեց Քանաան

Յաջորդը

«Իսրայէլի Մէջ Ոչ Մէկը Կ՛ուրանայ, Որ Ամբողջ Ազգ Մը Կոտորածի Ենթարկուեցաւ» Յայտարարեց Նախագահ Ռուվեն Ռիվլին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.