Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութիւնը Յետաձգուեցաւ 2 Յունիսին, Իսկ Հոլլանտ Պըրրիի Փոխանցեց Ֆրանսայի Ամբողջական Զօրակցութիւնը Լիբանանի

May 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

joghov_51016

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին 39-րդ անգամ ըլլալով յետաձգեց նախագահական ընտրութեան նիստը, օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստին նոր թուական ճշդուեցաւ հինգշաբթի, 2 յունիս 2016-ը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան Մուսթաքպալ հոսանքի, Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ «Ազատագրում եւ բարգաւաճում» եւ «Ժողովրդավարական հանդիպում» պլոքներուն երեսփոխանները:

Նիստէն բացակայեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի, Մարատա հոսանքի եւ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի երեսփոխանները:

Հոլլանտ Կը Զօրակցի

Միւս կողմէ, Պըրրի Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ հարկ է ամէն ջանք ի գործ դնել` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը, աւելցնելով, որ Ֆրանսա ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանին` քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ զինուորական առումով, յատկապէս սուրիացի գաղթականներուն բեռը ստանձնելու շրջագիծին մէջ:

Նշենք, որ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու հեռանկարները:

Ալի շեշտեց, որ Պըրրի լաւատեսութիւն յայտնած է Սուրիոյ գոյատեւման առումով` ընդգծելով յատկապէս այն իրականութիւնը, որ Սուրիոյ, անոր բանակին ու ղեկավարութեան ցուցաբերած գոյատեւման պայքարին շնորհիւ աշխարհը համախմբուած է` պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ:

Նախորդը

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքը Համաձայնեցան Շարունակել Ընտրութիւնները

Յաջորդը

«Քրիստոնեայ Կուսակցութիւններուն Համախոհութիւնը Կը Հաստատէ, Որ Պետական Հաստատութիւններուն Մէջ Ներկայութեան Ապահովումը Կարիքը Ունի Բոլորին Կամքին» Շեշտեց Քանաան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.