Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը երէկ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց հաւաքականներուն կազմերուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 2-12 նոյեմբերին, Փորթօ Քարրասի մէջ, Յունաստան:
Տղոց հաւաքականին մարզիչն է Արշակ Պետրոսեան, իսկ աղջկանց հաւաքականին մարզիչը` Արթուր Չպուքճեան:
Ստորեւ երկու կազմերուն մաս կազմող վարպետներուն անունները.
ՏՂԱՔ
Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան:
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Էլենա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Գալոյեան, Մարիա Քուրսովա եւ Նելլի Աղինեան:


