Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՆՍԱՆՁ ԳՐԱՔԱՆԴԱԿՆԵՐ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՌՈԼԱՆՏ ՇԱՌՈՅԵԱՆ)

September 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2010-ին Երեւանի «Լուսակն» հրատարակչութիւնը «Գէորգ-Հրայր» ՍՊԸ տպարանէն լոյս ընծայեց հայրենի գրող Ռոլանտ Շառոյեանի «Անսանձ գրաքանդակներ» խորագրեալ քերթողագիրքը` խմբագրութեամբ Դաւիթ Սարգսեանի:

Սոյն գործը կը բաղկանայ 138 փոքրակազմ էջերէ եւ ունի ճոխ բովանդակութիւն:

Շառոյեան ունի իմացական եւ հոգեմտաւոր պաշար` քաղուած հայ դպրութեան եւ հայ ժողովուրդի դարաւոր աւանդութիւններու ակունքներէն: Իր մտածումները մէյ մէկ գրաքանդակներ են, որոնց միջոցով կը ծանօթանանք միջնադարեան տաղասացներու, պատմիչներու եւ այլ տաղանդաւոր դէմքերու, որոնց անունով շքանշաններ կը տրուին, ինչպէս կը վկայեն հետեւեալ չափածոյ տողերը.

«Այս մարդու դէմքը շքանշանն է
——————«Մեսրոպ Մաշտոց»-ի,
Այս մէկինը` շրջուած «Խորենացու»
Այս ջահելի մրցանակը արգասիք է հեշտոցի
Իսկ այս մարդը բժիշկ է` համարեա
——————«Շիրակացի»:
Այս մարդը փառք է տալիս «Մխիթար Գոշին»:
Մետալների այս համքարութեանը
Դանդաղ կը ծածկի դարերի փոշին»:

«Անսանձ գրաքանդակներ» խորագրեալ քերթողագիրքին մէջ ի յայտ կու գայ այն իրողութիւնը, թէ Չարենցի նման, Ռոլանտ Շառոյեան եւս կը սիրէ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը, որուն գրական կեանքը կը ներկայացնէ հետեւեալ դիպուկ պատկերացումով.

«Հէ՜յ կանաչ ախպեր, հէ՜յ ճանաչ ախպեր,
Օհաննէս Թումանեան,
Ապրած կեանքդ` վիշտ ու աւեր,
Չապրած կեանքդ` ծաղկած բառեր:
Տարօնցի եղբայր պատուական:
Քեզնով ապրել, քեզ հետ կռուել,
Քեզ հետ մեռնել այս օրերին –
Միայն արժէ»:

Շառոյեանի իմացական կեանքի տեսադաշտին մաս կը կազմէ հայրենական բնաշխարհը իր հնամենի վանքերով, մենաստաններով, մատուռներով եւ ոգեղէն ժառանգութեամբ, ինչպէս կը պարզուի հետեւեալ տողերով.

«Որպէս մեր կեանքի ամենավերջին արար
Մեզ մնաց մի Գոշավանք,
————մի «Դատաստանագիրք»,
որ թողել է Գոշը Մխիթար…
Որ կը կոչուէր հին կեանքի մէջ`
————Արդարադատութեան նախարար»:

Ռոլանտ Շառոյեան քողարկեալ կերպով կը ներկայացնէ գրաքանդակները մեր ազգային ազատագրական պայքարին իրենց մասնակցութիւնը բերած հայոց մեծանուն քաջերուն, ինչպէս` Րաֆֆիի Խենթը, որուն հոգին կը սաւառնի հայրենի լեռնաշխարհի ոլորտներուն, ուր քաջորդիներ կը խմեն նռան գինի, եւ ուր կը հնչեն սուրերու շաչիւնները ահեղագոչ…

Ուշագրաւ են այն գրաքանդակները, որոնք կը վերաբերին բանաստեղծներ` Համօ Սահեանին, Յովհաննէս Թումանեանին, Ղուկաս Սիրունեանին եւ Յակոբ Մովսէսին:

«Երկխօսութիւն սարդի հետ» խորագրեալ գրութեամբ, Ռոլանտ Շառոյեան կը տեսնէ սարդ մը, որուն կը յայտնէ իր հակակրանքը մարդ էակի հանդէպ: Շառոյեան կը խնդրէ սարդէն, որ իր անձին շուրջ հիւսէ սարդոստայններ, որպէսզի մարդոց հիւսած սարդոստայնները չհասնին իրեն եւ չխաթարեն իր ինքնութիւնը` քայքայիչ եւ ախտաժէտ սադրանքներով: Այս գրութեան հիմնական մտածումը այն է, որ մարդատեաց բանաստեղծն ու սարդը կը բնակին նոյն խուցին մէջ` «աղ ու հացի հարեւանութեամբ»:

«Իղձ-Էքսպրոմտ» խորագրեալ երկտողանի գրութեամբ, Շառոյեան կը հաստատէ այն ճշմարտութիւնը, թէ Հայաստան կը դառնայ մեր սեփական հայրենիքը այն պարագային միայն, երբ իւրաքանչիւր հայ տէր կանգնի իր անձին…

Ըստ Շառոյեանի, գրականութիւնը կը յօրինուի տառապանքով եւ հոգեմաշ տանջանքով, եւ թէ` ցաւով իրագործուած գրական երկերը ճշմարիտ եւ գեղեցիկ ստեղծագործութիւններ են, որոնք ունին գեղարուեստական մնայուն հանգամանք:

Արդարեւ, աւանդապահ գրող մըն է Ռոլանտ Շառոյեան, որուն մտորումներուն առանցքը կը կազմէ սասունցի իր հօր գրաքանդակը:

Ակնածանքով ան կը նայի հայ մշակոյթի անկորնչելի երախտաւորներուն, որոնց գրաքանդակներուն համադրոյթն է «Անսանձ գրաքանդակներ» խորագրեալ իր քերթողագիրքը:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Նախորդը

ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՄԵԾԻՆ ՏԱՂԵՐԸ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ՅԱՏՈՒԿ ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ «ԱԶԴԱԿ»Ի ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.