
Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ Սթավակների մէջ (Նորվեկիա) իր մասնակցութիւնը կը բերէ Նորվեկիա-2016-ի ճատրակի գերմրցաշարքին, ի վերջոյ յաջողեցաւ արձանագրել իր առաջին յաղթանակը` յաջորդական վեց հաւասարութիւններէ ետք:
7-րդ հանգրուանին իր կատարած այս մրցումին, Արոնեան յաղթեց Ուքրանիան ներկայացնող Փաւել Էլիանովին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Արոնեան իր տրամադրութեան տակ ունի 4 կէտ:


