

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ցամաքամասի ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին, հայրենի կռփամարտիկները կը շարունակեն իրենց հիանալի ելոյթները, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Հայաստանի համար Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու տոմս ապահովեց Վլատիմիր Մարգարեան, որ 3-րդ դիրքի մրցումին յաղթեց Մոլտովան ներկայացնող Վասիլի Պելուսին:
Այսպիսով, հայրենի կռփամարտիկները ողիմպիականի իրենց 4-րդ ուղեգիրը նուաճեցին Թուրքիոյ մէջ:
Նշենք, որ Եւրոպայի գործող պրոնզէ մետալակիր Կարապետ Չալեան (75 քկ) թէեւ յաղթեց իր թուրք մրցակիցին, սակայն պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին մէջ պարտութիւն մը կրելով զրկուեցաւ ողիմպիականի տոմս մը ապահովելէ:


