Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցած Է Կարէն Միրզոյեանին Հետ

April 14, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nalbandian_41316

Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ  հանդիպում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանին հետ:

«Զրուցակիցները քննարկեցին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած գործողութիւնները կասեցնելուն ուղղուած ջանքերը, միտքեր փոխանակեցին գոյութիւն ունեցող իրավիճակին շուրջ, անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային ասպարէզներուն վրայ  ձեռնարկուելիք քայլերուն», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով. «Հանդիպումին  քննարկուեցաւ Ազրպէյճանի հետագայ սադրանքները կանխելու նպատակով համապատասխան միջոցներու ձեռնարկումը, այդ առումով կարեւոր նկատուեցաւ դէպքերու հետաքննութեան գործիքակազմի ստեղծման վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու  առաջարկին իրագործումը»:

Նալբանդեան ԵԱՀԿ-ի Մասնակից Պետութիւններու
Դեսպաններուն Ներկայացուցած Է
Պաքուի Վայրագութիւններուն Հետեւանքները

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 13 ապրիլին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններու դեսպաններուն հետ: Ան անդրադարձած է ապրիլի սկիզբը ազրպէյճանական-ղարաբաղեան շփման գիծին երկայնքով Պաքուի սանձազերծած զինուորական գործողութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն:

«Իր վայրագ գործողութիւններով Ազրպէյճան փաստացի փորձեց հրաժարիլ խաղաղ ճամբով հարցը լուծելու իր կողմէ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններէն, կոպտօրէն խախտեց միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները, ԵԱՀԿ-ի բազմաթիւ վեհաժողովներու եւ նախարարական խորհուրդներու որոշումներն ու հռչակագիրները, բացայայտօրէն արհամարհեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ յայտարարութիւնները», ըսած է նախարարը: Ան կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն աշխուժ դերակատարութիւնը եւ ընդգծած անոնց ջանքերուն սատարելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Քննարկումներու Ընթացքին Դատապարտուեցաւ Ազրպէյճանի Կողմէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Առաջարկներու Մերժումը

Յաջորդը

Երկու Վեհափառ Հայրապետները Պատմական Այցելութիւն Տուին Ազատ Եւ Անկախ Արցախ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.