
«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ չորեքշաբթի, 13 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ սուրիահայութիւնը, իր համայնքապետներով, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներով եւ ժողովրդային խիտ շարքերով, Սուրիոյ զանազան նահանգներուն մէջ մասնակցութիւն բերաւ խորհրդարանական ընտրութեանց:
Հալէպի մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, թեկնածու Ժիրայր Ռէյիսեանի եւ Ազգային վարչութեան հետ ուղղուեցաւ ընտրական կեդրոն` մասնակցելու քուէարկութեան:
Նշենք, որ նշեալ ընտրութիւններուն սուրիական խորհրդարանի 250 աթոռներուն համար կը մրցին 3500 թեկնածուներ, հալէպահայութեան միասնական թեկնածուն է Ժիրայր Ռէյիսեան, ընտրութեան կը մասնակցին նաեւ Դամասկոսէն երեք անկախ հայ թեկնածուներ` Նորա Արիսեան, Երատօ Գրիգորեան եւ Վահէ Մահշիկեան:
Սուրիոյ նահանգներուն մէջ ընտրութիւններուն համար հաստատուած են 7300 քուէատուփեր:


