
Պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով Փալերմոյի նախագահ Մաուրիցիօ Զամփարինի յայտնեց, որ չորս մրցում միայն իր պաշտօնին վրայ մնալէ ետք, մարզիչ Ուոլթըր Նովելինօ պաշտօնանկ կ՛ըլլայ:
Այսպիսով, այս տարեշրջանին Նովելինօ կը դառնայ 8-րդ մարզիչը, որ պաշտօնանկ կ՛ըլլայ:
Զամփարինի, որ 2002-ին նշանակուեցաւ Փալերմոյի նախագահ, այնպէս կը թուի, որ մրցանիշ մը հաստատելու սեմին կը գտնուի, որովհետեւ անոր պաշտօնավարութեան ժամանակամիջոցին ակումբը ունեցած է 35 տարբեր մարզիչներ:


