Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Բանակը Կը Զգուշացնէ Հասանովը Ու Անոր «Գերագոյն»-ը

April 7, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

LXH-PN

Ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները, յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը` զգուշացնելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, որ եթէ ազրպէյճանական կողմի սպառնալիքները կատարուին` հայկական կողմին արձագանգը պիտի ըլլայ ցաւցնող:

Բանակի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ օրուան ընթացքին հակառակորդը, բացի նախորդ օրերուն գործածած զինատեսակներէն, օգտագործած է աւելի ծանր հրետանային համակարգեր, հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր ու այլ ժամանակակից սարքեր:

«Սակայն այս բոլորով հանդերձ ազրպէյճանական բանակը չյաջողեցաւ ռազմաճակատին վրայ փոխել դէպքերու զարգացման ընթացքը` յօգուտ իրեն:

Ընդհակառակն` պաշտպանութեան բանակի բոլոր ուղղութիւններու ստորաբաժանումները ո՛չ միայն յաջողութեամբ իրենք զիրենք դրսեւորեցին դիրքային մարտերուն ընթացքին, այլ նաեւ խելացի ու նպատակասլաց գործողութիւններուն շնորհիւ օրուան ընթացքին ոչնչացուցին թշնամիի 5 հրասայլ, 3 հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, տարբեր տեսակի ռազմական համակարգ եւ տասնեակներու հասնող կենդանի ուժ», նշուած է բանակին յայտարարութեան մէջ:

Հաւանաբար մեր այս յաջողութեամբ պայմանաւորուած է Ազրպէյճանի զինուորական ղեկավարութեան կողմէ կատարուած անհաւասարակշիռ յայտարարութիւնը, ըստ որուն, անոնք հանդէս կու գան Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ շրջաններն ու յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ռմբակոծելու սպառնալիքներով:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը զգուշացնէ անձամբ Հասանովն ու անոր «գերագոյն»-ը, որ նման զարգացումներու պարագային արձագանգը պիտի ըլլայ անհամաչափ եւ աւելի ցաւոտ:

Նախորդը

Նախարար Նալբանդեան Ազրպէյճանի Յարձակումներուն Մասին Տեղեակ Կը Պահէ Իր Պաշտօնակիցները

Յաջորդը

Զախարովա. «Ղարաբաղեան Հարցը Ռուսիա-Իրան-Ազրպէյճան Հանդիպումին Գլխաւոր Նիւթը Պիտի Ըլլայ»

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.