Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիպար Քրիստոնեան. (Քոյր Յասմիկ Սիմոնեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

April 2, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի: Ասկէ ետք ինծի կը մնայ միայն սպասել արդարութեան պսակին, որ Տէրը, արդար դատաւորը, իբրեւ հատուցում` ինծի պիտի տայ դատաստանի օրը»:
Բ. Տիմոթէոսի 4:7

12899849_10154111302939559_1636137355_nՔրիստոնէական կրօնի հիմը եւ քրիստոնեայ անհատին ուղեցոյցը Աստուածաշունչն է: Դարեր շարունակ քրիստոնեաները եւ մասնաւորաբար հայերը իրենց հաւատքը պահեցին` հետեւելով Աւետարանի ուսուցումներուն: Քրիստոս իր կեանքով կենդանի օրինակ դարձաւ իր հետեւորդներուն` քաջալերելով զանոնք միայն ունկնդիրներ չըլլալու, այլ ապրելու մեզի սահմանուած կեանքը գործնապէս ցոյց տալով մեր հաւատքը:

Այս առումով Նոր կտակարանին մէջ Տիմոթէոսին ուղղուած Պօղոս առաքեալի երկրորդ նամակը քաջալերանքի մնայուն աղբիւր է բոլոր հաւատացեալներուն համար եւ մանաւանդ անոնց, որոնք Տիրոջ ծառայութեան գործին լծուած են, որ իրենց հաւատքի պայքարը մղեն անվախօրէն, համբերութեամբ եւ սիրով:

Քառասուն օրեր առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցները եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը կորսնցուցին Կիրակնօրեայ դպրոցի բազմավաստակ տեսուչ եւ սերունդներու դաստիարակ քոյր Յասմիկ Սիմոնեանը:

Ան մեծցած է խարբերդցի հայաշունչ ու աստուածավախ յարկի մը տակ: Իր մանկութիւնը անցուցած է Հալէպի մէջ, ապա փոխադրուած Պէյրութ: Դառն մանկութիւն մը անցուցած է, որովհետեւ հայրը կորսնցուցած է երիտասարդ տարիքին: Մայրը կատարեալ համբերութեամբ եւ բծախնդրութեամբ դաստիարակած է զինք:

Քոյր Յասմիկ երիտասարդ տարիքին անդամակցած է Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու ընտանիքին` որպէս ուսուցիչ, ապա տեսուչ` պաշտօնավարելով Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ աւելի քան քառասուն տարիներ: Քոյր Յասմիկ Սիմոնեանի քառասնամեայ ծառայութեան յոբելեանին առիթով` Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ Ծ. վրդ. Խաչերեան (այժմ` արքեպիսկոպոս) գնահատանքի եւ օրհնութեան գիր շնորհեց անոր:

Ան անդամակցեցաւ նաեւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան աղօթարանին եւ ժամանակ մը ետք դարձաւ քարոզիչ:

Քոյր Յասմիկին տունը, որ կը գտնուէր Մարաշ թաղը, դարձած էր բոլոր տարիքի անձերու աղօթքի եւ սփոփանքի վայր: Նախքան իր առողջութեան վատթարանալը ան աւետարանը քարոզեց ամէնուրեք` հեռաւոր Ամերիկայէն մինչեւ Հայաստան եւ Միջին Արեւելեան երկիրներ:

Ան մնայուն ներկայութիւն եղաւ նաեւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուող ժամերգութեանց եւ պատարագներուն:

Իր բնաւորութեան բնորոշ յատկանիշներն են` հեզահամբոյր հոգի, բուռն ընթերցող, ջերմեռանդ հաւատացեալ, հիւրասէր, բծախնդիր եւ քաջ քարոզիչ:

Քոյր Յասմիկ ընտանիք չկազմեց, սակայն իր հարիւրաւոր աշակերտները կրթեց Աստուծոյ շունչով եւ  զանոնք սեպեց որպէս իր ընտանիքը:

Իր մեկնումով այսօր կը սգան Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցները եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը:

Թող իր յիշատակը անմար մնայ եւ մեզի տիպար օրինակ` շարունակելու մեր կեանքը:

Հանգիստ յոգնաբեկ ոսկորներուդ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

Նախորդը

Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները. Պերճ Ֆազլեան

Յաջորդը

Տիպար ԼՕԽ-ականը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.