Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ` ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 96-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

September 12, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսա լերան հերոսամարտի 96-ամեակին առիթով Այնճարի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներուն շարքին, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած ազգագրական տոհմիկ երեկոն տեղի ունեցաւ շաբաթ, 10 սեպտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ հովանաւորութեամբ պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի:

Երեկոն ունէր գեղարուեստական յայտագիրի եւ տոմիկ ուտելիքներու վաճառքի բաժիններ:

Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ս. Հերկելեան: Ան բարի գալուստի խօսքէն ետք շեշտեց աւանդութիւնները սերունդէ-սերունդ փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ յայտարարեց, որ այս ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի կեդրոնի ընդարձակման ծրագիրին, որ սկսուած աշխատանք մըն է:

Ապա Հերկելեան ներկայացուց օրուան հանդիսավարները` Լ. Սթամպուլեան եւ տոքթ. Փ. Թասլաքեան:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց կամաւոր մասնակցութիւնը բերին Մակի Իսթիլեան` մանուկներու երգերու մեկնաբան, Ս. Մեթլեան, Գ. Պեպեճեան, Ռ. Շաննագեան եւ խումբ մը աշակերտներ, որոնք մուսալեռեան սքէչներ ներկայացուցին:

Բեմ հրաւիրուեցաւ նախարար Փանոս Մանճեան: Ան իր սրտի խօսքը փոխանցեց իր հարազատ ժողովուրդին եւ ըսաւ, որ իր զինուորական ծառայութեան շրջանին առիթ չէր ունեցած ներկայ ըլլալու նման զուտ հայկական ձեռնարկներու, եւ հիմա հպարտ է եւ ուրախ ի տես խանդավառութեան:

Խօսք առաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Այնթեպլեան:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան: Ան շեշտը դրաւ այս կէտին վրայ, թէ տոհմիկ երեկոն պէտք չէ տարին միայն մէկ անգամ ըլլայ, անիկա տօն չէ, այլ ամէն օր մեր տուներուն մէջ պէտք է տոհմիկ մթնոլորտ տիրէ: Նաեւ ան բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի աշխատանքը:

Երեկոյի խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Տաուլ Զուռնան յայտնուեցաւ եւ տոհմիկ պարերով ներկաները արտայայտեցին իրենց անհուն ուրախութիւնը:

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

Ներկաները ճաշակեցին համեղ տոհմիկ ճաշեր` պատրաստուած ԼՕԽ-ականներուն ձեռամբ:

Տոհմիկ երեկոն տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր:

Եղան նուիրատուութիւններ` ի նպաստ կեդրոնի ընդարձակման ծրագիրին:

 

Նախորդը

ՀԵՐԹԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ` ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՍԱՐՔՈԶԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿՐՆԱՅ ՄԵՏՎԵՏԵ՞ՒԸ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.