Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ԳՈՂԳՈԹԱՅԷՆ ՄՈՒՍԱ ԼԵ՜Ռ…

September 12, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող, սեպտեմբեր 11-ին տօնն է «Վերացման Սրբոյ Խաչին»: Խաչվերա՛ց, որ խաչապաշտ ու խաչակիր հայերուս համար տաղաւար է, այսինքն աւագ ու մեծ տօն է:

Գողգոթայի դէպքէն սկսեալ` խաչելութիւնն ու խաչը անբաժանելիօրէն կապուած են քրիստոնեաներուն, ընդհանրապէս` եւ հայերուս` մասնաւորապէս:

Խաչելութիւնը մեր յարութիւնն է: Խաչը մեր փառքն է: Խաչեալը մեր Փրկիչն է, որ արար աշխարհին կը յայտարարէ վեհափառ գիտակցութեամբ.«Ես եմ, մի՛ վախնաք եւ քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ յաղթեցի աշխարհին»:

Հռոմի առջեւ, 306-ի վճռական եւ բախտորոշ ճակատամարտին նախօրեակին, Մեծն Կոստանդիանոս կայսրին յայտնուեցաւ լուսապայծառ խաչը. «Այս նշանով պիտի յաղթանակես վաղը»: Նոյն թուականներուն Գրիգոր Լուսաւորիչ քարոզեց նորադարձ քրիստոնեայ հայերուն եւ հռչակեց. «Այս Ս. Նշանով կը տանինք մեր յաղթութիւնը»:

Խաչվերացը տօնն է խաչելութեան, խաչին ու Խաչեալին այն պատմական յաղթութեան, որ դիպեցաւ 628-ի առաջին կէսին, երբ Բիւզանդիոնի հայազգի Հերակլէս կայսրը (610-641) Ս. Երկիրէն գերավարուած Քրիստոսի խաչափայտը ազատագրեց պարսիկներէն եւ վերադարձուց Երուսաղէմ:

Ինչպէս հայկական զօրքը իր քաջարի Մժեժ Գնունի ռազմավարին հրամանատարութեամբ մասնակցեցաւ բիւզանդա-պարսկական պատերազմներուն, այսպէս ալ մեր ժողովուրդը ապրեցաւ ցնծաբաշխ ու շնորհաբեր ժամանակաշրջանը, երբ խաչափայտը կը փոխադրուէր դէպի Ս. Քաղաքը` արեւմտեան Հայաստանի պատմական հողատարածքին վրայէն:

Փառայեղ ուղեւորութեան ընթացքին ամէնուրեք Ս. խաչափայտը զինք հիւրասիրող ժողովուրդներուն կը ցուցուէր վերացած` «վե՛ր բարձրացուած», խաչվերաց, այսպէս տօնական առիթ տալով հաւատացեալներուն, որ տեսնէին, խնկէին, փառաւորէին իրենց Փրկիչին Խաչը:

– «Գողգոթայէն Մուսալե՜ռ…»:

Եւ Մուսա լեռէն Այնճա՜ր…:

Ամէն տարի, եւ այն 1940-էն սկսեալ, այնճարցիները կը տօնեն Խաչվերացը ի յուշ 1915-ի «Մուսա Տաղի քառասուն օրեր»-ուն ընթացքին իրենց կտրիճ պապուկներուն եւ հայրերուն մղած հերոսամարտին, որուն փառապանծ 95-ամեայ յոբելեանը համահայկական ու պերճախօս շուքով տօնախմբեցին անցեալ տարի:

Խաչելութեան ծնած ու տառապանքի բովէն կռանուած մեր կորովի ժողովուրդը ոչ միայն կրնայ ապրիլ եւ գոյատեւել, այլ նաեւ գիտէ արբենալ արիւնով ու քրտինքով կերտած յաղթանակէն, նոյնիսկ եթէ այդ ըլլայ զուտ կամեցողական, բարոյական ու հոգեմտաւոր տարողութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ…:

Գողգոթայի Հերոսը թէպէտ ֆիզիքապէս պարտուեցաւ‘ սպաննուելով խաչափայտին վրայ, բայց եւ այնպէս գերեզմանէն իսկ կեանքին կոչուեցաւ եւ այսօր կ՛ապրի՜ ու կ՛ապրեցնէ՜ յաղթաշէն ներկային ու ապագային մէջ:

Մուսա Լերան հերոսները թէեւ ստիպուեցան նահանջել իրենց սիգապանծ սարերէն, սակայն եւ այնպէս ասոնց խրոխտանքէն յա՜ր արբշիռ` անոնց զաւակները, թոռներն ու ծոռերը կոչուած են քաջաբար շարունակելու իրենց գոյերթը, որ կը պսակուի յաւերժութեան դափնիով:

Գողգոթայի արիւնաթաթախ խաչափայտին զօրութեամբ, մեր նախնիները տօնեցին Խաչվերացը, որ դարձաւ ու կը դառնայ աղբիւրը հոգենորոգ ապրումներու եւ յաղթապանծ պատումներու:

Մուսա լերան  կարմրախաչ դրօշին ներգործութեամբ ‘ մեր նախնիները կրցան յանձնուիլ ծովածաւալ ազատութեան, որ հանդիսացաւ ու կը հանդիսանայ «ակը» անցեալէն վերյիշումներով դարբնուած գոյամարտին ի խնդիր մուսատաղեան-այնճարեան ինքնութեան:

Այսպէս, Գողգոթա եւ Մուսա Լեռ մշտագոյ յուշարարներն են խաչահաւատ ճշմարտութեան ու խաչածին յաղթութեան:

Յիսուս խաչո՛վ կաղապարեց իր առաքեալները. «Ա՛ռ խաչդ եւ հետեւէ՛ ինծի»: Այսպէս հաւատացին մեր նախահայրերն ու նախամայրերը:

Քրիստոս խաչո՛վ պայմանաւորեց իր հետեւորդները. «Եթէ մէկը կ՛ուզէ ինծի աշակերտել, իր ուսը թող առնէ խաչը եւ ետեւէս գայ»:

Թէ՛ այսպէս հաւատալու ենք եւ թէ՛ այսպէս սորվեցնելու ենք հայազարմ մեր նոր սերունդին, եթէ կ՛ուզենք ապահովել մեր տօնախմբումը Խաչվերացին ո՛չ միայն Մուսա Լեռէն Այնճար, այլ նաեւ Գողգոթայի կենսատու եւ յաղթակերտ հրաշքով Մուսա Լեռէն ու Այնճարէն Հայաստա՛ն, Արցա՛խ եւ սփիւ՛ռք:

– ուրախացի՛ր, հայ Ժողովուրդ, որովհետեւ Քրիստոս` «Արքայն երկնից այսօր պսակեաց զքեզ խաչիւն իւրով» եւ զարդարեց քու տոհմդ «սքանչելի փառօքն իւրովք» (շարական):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Վիեննա, 6 Սեպտեմբեր  2011

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԽՈՒՍԱՓԻԼ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵՆԷՆ

Յաջորդը

ԹԵՆԻՍ. ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ. ՆԱՏԱԼ, ՏԻՈՔՈՎԻՉ, ՍԵՐԵՆԱ ԵՒ ՍԱՄԱՆԹԱ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.