Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիայէն Ռուսական Ուժերու Մասնակի Հեռացումը Շատ Դրական Քայլ Մըն Է» Ըսաւ Ժուպէյր

March 17, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Russian-air-force_31616

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուսական պատերազմական օդանաւերու նոր խումբ մը Սուրիայէն վերադարձած է Ռուսիոյ մէջ իրենց ռազմակայանները:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ զինուորական գործողութեան շղթայազերծումէն ետք, Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ռուսական ռմբաձիգներուն ու կործանիչներուն նուազ քան կէսը անցնող երկու օրուան ընթացքին հեռացած է Սուրիայէն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուսական ուժերու հիմնական բաժինին հեռացումը «պիտի չտկարացնէ նախագահ Ասատը»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական գործողութիւնները իբրեւ «նոր Աֆղանիստան» ներկայացնելու Արեւմուտքի փորձերը ձախողեցան:

Սպիտակ տունը իր կարգին նշեց, որ կը հետեւի Ռուսիոյ կողմէ իր ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու որոշումին կիրարկումին: Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտնեց, որ Մոսկուա Ուաշինկթընը տեղեակ չէ պահած այդ որոշումէն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին յայտարարեց, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Մոսկուա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ ճգնաժամը:

Քերրի ըսաւ, որ սուրիական ճգնաժամը շատ կարեւոր հանգրուանէ կ՛անցնի, եւ պէտք է առիթը օգտագործել ու զայն չփախցնել, մանաւանդ Սուրիայէն իր ուժերը հեռացնելու ռուսական յայտարարութենէն ետք` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան յարատեւումը անկարելի է, եթէ իշխանութեան իսկական փոխանցում տեղի չունենայ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ անմիջական կարիքը կայ կանխարգիլելու Միջին Արեւելքի մէջ յարանուանական տագնապը հրահրելու փորձերը: Ան Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Բացի սուրիացի ժողովուրդէն, ոչ ոք իրաւունք ունի Սուրիոյ ապագան ճշդելու: Ան նաեւ նշեց, որ Եգիպտոսի հետ համաձայնած են երկու երկիրներուն միջեւ ուղղակի թռիչքները կարելի եղածին չափ շուտ վերականգնելու շուրջ»:

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի տեղակալ Ռամզի Ազետտին իր կարգին ըսաւ, որ ՄԱԿ-ի եւ Ապահովութեան խորհուրդի` Սուրիոյ միութեան ու անվտանգութեան կողքին կանգնող կեցուածքը յստակ է` շեշտելով, որ Սուրիոյ մէջ ապագայ դրութեան ձեւը կ՛որոշեն սուրիացիները:

Նշենք, որ սուրիացի քիւրտ պաշտօնատար Իտրիս Նաասան երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ իրենք Սուրիոյ մէջ քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ դաշնակցային դրութեան հաստատումը պիտի յայտարարեն:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յոյս յայտնեց, որ «ռուսական հեռացումը արագացնէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման կշռոյթը»: «Սէուտական Արաբիան կը յուսայ, որ ռուսական հեռացումը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը մղէ զիջումներ կատարելու»` նշելով. «Ռուսական ուժերու Սուրիայէն մասնակի հեռացումը շատ դրական քայլ մըն է»:

«Ռուսիոյ հետ Սէուտական Արաբիոյ քարիւղային քաղաքականութեան շուրջ մեծ համաձայնութիւն մը գոյութիւն չունի», ըսաւ սէուտական դիւանագիտութեան պետը:

 

 

Նախորդը

«Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա Վեհաժողովին Ընթացքին Պիտի Քննարկուի Թուրքիոյ 6 Միլիառ Եւրօ Տրամադրելու Հարցը» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Յաջորդը

«Թուրքիան Կը Խախտէ Իրաքի Եւ Սուրիոյ Գերիշխանութիւնը» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.