Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա Վեհաժողովին Ընթացքին Պիտի Քննարկուի Թուրքիոյ 6 Միլիառ Եւրօ Տրամադրելու Հարցը» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

March 17, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Davutoglu_31616

«Հապեր7» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա վեհաժողովի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ օր Պրիւքսէլի մէջ, պիտի քննարկուի գաղթականները անվտանգ դարձնելու հարցը:

Տաւութօղլու նշած է, որ վեհաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի Անգարային լրացուցիչ 6 միլիառ եւրօ տրամադրելու հարցը` յառաջիկայ 3 տարիներուն ընթացքին տեղահանուածներ ընդունելու համար:

«Մենք առեւտուր չենք ըներ, ատիկա ֆինանսական խնդիր չէ, մեզի համար գլխաւորը մարդասիրական մարզն է: Մենք պէտք է կրճատենք եւ յետոյ դադրեցնենք Եգէական ծովուն ճամբով տեղահանուածներու անօրինական տեղափոխութիւնը, որուն ընթացքին մարդիկ կը մահանան», ըսած է ան Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի հետ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա վեհաժողովի ընթացքին 7 մարտին համաձայնութիւն գոյացած էր գաղթականներու ճգնաժամին դէմ պայքարի գործողութիւններու միացեալ ծրագիրը: Յաջորդ վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 17-18 մարտին:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ Գերմանիան յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Թուրքիոյ, որպէսզի անոր օգնէ դիմակայելու գաղթականներու ճգնաժամը` նշելով. «Գաղթականներուն քաղաքական ապաստանեալի իրաւունք ինքնաբերաբար պիտի չտրուի»:

Գերմանիոյ վարչապետը նաեւ յայտարարեց. «Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը ներկայիս սեղանի վրայ չէ»:

«Տէյլի Թելեկրաֆ».
«
Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա
Համաձայնութիւնը Վտանգուած Է»

Բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը գրէ, որ գաղթականներու ճգնաժամի լուծման համար Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը վտանգուած է, որովհետեւ գոյութիւն ունին Անգարայի կողմէ Պրիւքսէլը «շանթաժի ենթարկելու» պնդումները եւ գաղթականները Գերմանիայէն Թուրքիա ուղարկելու առնչուող օրէնսդրական մտահոգութիւնները:

Թերթը կը նշէ, որ համաձայնագիրը վեթոյի ենթարկելու սպառնացած է Կիպրոսը: Ֆրանսան եւ Չեխիան Թուրքիան մեղադրած են «Եւրոպան շանթաժի ենթարկելու» մէջ, իսկ եւրոպացի կարգ մը ղեկավարներ ալ համաձայնագիրը «ապօրինի» անուանած են:

Նշենք, որ համաձայնագիրը ուժի մէջ կրնայ մտնել միայն Եւրոպական Միութեան անդամ 28 երկիրներուն եւ միութեան բոլոր կառոյցներուն կողմէ վաւերացուելէ ետք:

 

Նախորդը

Թրքական Իշխանութիւնները «Ահաբեկչութեան Ի Նպաստ Քարոզչութեան» Համար Կը Ձերբակալեն Երեք Ակադեմականներ

Յաջորդը

«Սուրիայէն Ռուսական Ուժերու Մասնակի Հեռացումը Շատ Դրական Քայլ Մըն Է» Ըսաւ Ժուպէյր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.